Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յոյս Ունինք, Որ Անգարան Պիտի Կատարէ Ս. Սոֆիայի Հարցով Ստանձնած Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

October 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարան պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտականութիւնները, որոնք առնչուած են Պոլսոյ մէջ Ս. Սոֆիա տաճարի` իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան վայր կարգավիճակին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Աթէնքի լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Կը հիմնուինք այն բանի վրայ, որ թրքական կողմը, ինչպէս մեզի բազմիցս վստահեցուցած է, պիտի առաջնորդուի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներով, պատշաճ կերպով պիտի վերաբերի ուղղափառ հաւատացեալներու զգացումներուն եւ պիտի կատարէ ստանձնած պարտականութիւնները` վայրի կարգավիճակին առնչուած բոլոր կանոններն ու պայմանները պահպանելու ուղղութեամբ, պիտի ապահովէ ատոր լիակատար անվտանգութիւնը եւ հասանելիութիւնը զբօսաշրջիկներու եւ ուխտագնացներու համար», նշած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, տաճարի վիճակին գնահատականը կ՛որոշէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի փորձագէտներու հսկողութեան առաքելութիւնը:

«Յոյս ունինք, որ 5-9 հոկտեմբերին կատարուած ստուգումներու արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի ներկայացուին յանձնախումբին եզրակացութիւնները, ներառեալ թրքական կողմէն իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու որակին վերաբերեալ փորձագիտական եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատքի բոլոր ներկայացուցիչներու անխոչընդոտ հասանելիութիւնը դէպի Ս. Սոֆիայի տաճար», աւելցուցած է Լաւրով:

Կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է 30 հոկտեմբերին առաջին նամազը կատարել Պոլսոյ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ` այդպիսով քրիստոնէական յաւելեալ յուշարձան մը պաշտօնապէս մզկիթի վերածելով: Յայտնի խճանկարները եւ սուրբ գրութիւնները պիտի ծածկուին վարագոյրով, ինչպէս տեղի ունեցաւ Ս. Սոֆայի պարագային:

 

 

Նախորդը

Ռուս Երեսփոխանը Կոչ Կ՛ուղղէ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Թուրքիոյ Քիթը Կտրելու»

Յաջորդը

Շիֆ. «Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Շարունակեն Ճնշում Գործադրել Ալիեւի Եւ Էրտողանի Վրայ, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերջ Տան Պատերազմին»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.