Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն «Էս-400» Համակարգի Փորձարկումէն Ետք Թուրքիոյ «Լուրջ Հետեւանքներու» Նախազգուշացում Կատարած Է

October 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու փորձարկումը կը սպառնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Անգարայի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու համար: «էքաթիմերինի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Փենթակոնի բանբեր Ճանըսըն Հոֆմըն:

Հոֆմըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ 16 հոկտեմբերին Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի փորձարկումը, ինչ որ հաստատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Մենք յստակ եւ անսասան եղած ենք մեր դիրքորոշման մէջ. «Էս-400» համակարգը չի համապատասխաներ այն պարտաւորութիւններուն, որոնք Թուրքիան ստանձնած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից: Դէմ ենք Թուրքիոյ կողմէ այս համակարգի փորձարկման, ինչ որ մեր անվտանգութեան յարաբերութիւններուն համար լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ», նշած է Հոֆմըն:

Բանբերը յիշեցուցած է, որ Թուրքիան արդէն հեռացուցած են «Էֆ-35» ծրագիրէն եւ կրկնած, որ «Էս-400»-ը կը շարունակէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման համար զգալի խոչընդոտ ըլլալ:

Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատած էր նախապէս լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած լուրը, թէ Թուրքիան փորձարկած է Ռուսիայէն իր գնած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

«Ատիկա ճիշդ է: Այդ փորձարկումները կատարուած են եւ կը կատարուին», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս առնչութեամբ կատարուած քննադատութեան` Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան պիտի չշարժի Ուաշինկթընի թելադրանքով: «Այս պարոնները մտահոգուած են, որովհետեւ ատիկա ռուսական զէնք է: Սակայն մենք վճռական ենք եւ պիտի շարունակենք այն, ինչ կ՛ընենք», ըսած էր ան:

Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու մեղադրանքները, թէ Ռուսիայէն «Էս-400»-ներու ձեռքբերումը կը հակասէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ընթացքին Անգարայի ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարին, Անգարան նաեւ Ուաշինկթընին առաջարկած է քննարկել այդ համակարգերու հարցով հաւանական թեքնիք միջոցները:

«Ինչպէս «Էս-300»-ները, որոնք կը կիրարկուին ՕԹԱՆ-ի միւս դաշնակիցներուն կողմէ, «Էս-400» համակարգերը պիտի շահագործուին անջատ եւ առանց ՕԹԱՆ-ի հրամանատարական կառավարման համակարգին համարկուելու:

Այն պնդումները, թէ Թուրքիան կը գործէ ի հեճուկս ՕԹԱՆ-ի, ճիշդ չեն: Մեր դաշնակիցներէն եւ բարեկամներէն կ՛ակնկալենք, որ յարաբերութիւններու վատթարացման մասին հռետորաբանութեան փոխարէն կեդրոնանանք այլընտրանքային լուծումներու եւ «Էս-400»-ներու հարցով թեքնիք միջոցներու վրայ, եթէ անոնք կան», նշուած է նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան պատասխանելով ամերիկեան սպառնալիքներուն երէկ ըսաւ. «Չէք գիտեր, թէ որո՛ւ հետ գործ ունիք: Թուրքիան ցեղախմբային պետութիւն չէ»:

Նախորդը

Թրամփ Կը Խոստանայ Դիւրութեամբ Լուծել Ղարաբաղեան Տագնապը

Յաջորդը

Թուրքիան Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Ռազմափորձեր Կը Յայտարարէ Խախտելով ՕԹԱՆ-ի Հետ Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.