Փութին. «Ռուս Խաղաղապահները Դարձած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Երաշխաւոր»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները կը նկատէ անվտանգութեան երաշխաւոր: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած նիստին ընթացքին: «Ռուս խաղաղապահները դարձած են Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր: Անոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն, որպէսզի վերադարձնեն տեղւոյն խաղաղ կեանքը», ըսած է Փութին: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու...




















