Մոսկուան եւ Պաքուն սերտ եւ կառուցողական երկխօսութիւն կը վարեն բոլոր հարցերուն շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Բոլոր հարցերուն մէջ Մոսկուան եւ Պաքուն կը գտնուին կանոնաւոր ու շատ սերտ կառուցողական երկխօսութեան մէջ», ըսած է ան լրագրողներուն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանը կը համագործակցի՞ Ռուսիոյ հետ ջախջախուած ռուսական ուղղաթիռի հետաքննութեան հարցին շուրջ, եւ Քրեմլինը ի՞նչ գիտէ այս հետաքննութեան յառաջընթացին մասին:
«Այս ամէնը ես կրնամ ձեզի ըսել` ի պատասխան այս հարցումին», աւելցուցած է Փեսքով: