Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Նախագահին Հետ Իրատեսական Երկխօսութեան, Հակառակ Անոր Որ Լաւատեսութեան Համար Հիմքերը Քիչ Են» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

December 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած ամավերջի հարցազրոյցին մէջ գնահատած է նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ Միացեալ նահանգներու հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարները, խօսած է համագործակցութեան ընդլայնումի հաւանական շարժիչներու, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ երբ կարելի է սպասել նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի Մոսկուա հրաւիրուելուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դեսպանը ինչպէ՛ս կը գնահատէ նախագահական ընտրութիւնը եւ ատիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, Անթոնով ըսած է. «Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրութիւնները կայացած են: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Ճօ Պայտընը անոր յաղթանակին առիթով: Պիտի սահմանափակուինք միայն հաստատելով Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ իրատեսական երկխօսութիւն վարելու վերաբերեալ` ըլլայ այդ Տանըլտ Թրամփի ներկայ վարչակազմի, թէ Ճօ Պայտընի ապագայ կառավարութեան հետ», նշած է դեսպանը:

Միեւնոյն ժամանակ Անթոնով աւելցուցած է, որ ամերիկեան վերնախաւերու ենթագիտակցութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած է ռուսատեացութիւնը:

«Վերջին տարիներուն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին խոր ճգնաժամի մէջ: Մենք պատրանք չունինք, որ նոր նախագահին ընտրութեամբ ամէն ինչ յանկարծ դէպի լաւ պիտի փոխուի: Ատոր համար հիմքեր քիչ կան:

«Մենք կը մեկնինք Ռուսիոյ ուղղութեամբ Ուաշինկթընի սկզբունքային վարմունքէն: Մեր երկիրը յայտարարուած է հակառակորդ: Այս սահմանումը ընդգրկուած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի փաստաթուղթերուն մէջ եւ լայն համաձայնութիւն կը վայելէ տեղական ենթակառոյցներուն մօտ:

Մոսկուայի համակարգային զսպման համար կ՛օգտագործուի տնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ քարոզչական ազդեցութեան միջոցներու ամբողջ զինանոցը», նշած է ռուս դիւանագէտը:

Նախորդը

Ազրպէյճան Տակաւին Համաձայնութիւն Չէ Տուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութիւն Արցախ Ուղարկելու Համար

Յաջորդը

Ազրպէյճան 1,3 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Արցախի Մէջ Վերակառուցման Համար

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.