Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Զօրքերը Դուրս Բերել Արցախէն

December 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կը դատապարտէ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աջակցութեամբ եւ օտարազգի վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած ազրպէյճանական զինուորական յարձակումը եւ յստակօրէն կը պահանջէ, որ Ազրպէյճանը եւ անոր սատարող ուժերը զօրքերը դուրս բերեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, որ նուաճուած է բռնի ուժի եւ բռնութեան գործադրութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակն ու Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ կանխամտածուած յարձակումները եւ տարանջատուող եւ ֆոսֆորային ռումբերու կիրարկումը:

Բանաձեւի նախաբանին մէջ նաեւ կը խօսուի Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին եւ ուժ չկիրարկելու մասին` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հիմնարար սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ կը շեշտուի, որ այդ սկզբունքները ոտնահարուած են Ազրպէյճանի կողմէ:

Որովհետեւ 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ չի նշուիր Արցախի կարգավիճակին մասին, Պելճիքայի խորհրդարանը երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակցութիւններուն` անյապաղ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ որոշում հաստատելու, մասնաւորաբար հաշուի առնելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Բանաձեւը Պելճիքայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Թուրքիայէն պահանջելու դադրեցնել ղարաբաղեան տագնապին մէջ զինուորական միջամտութիւնը եւ անմիջապէս վերջ տալ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ապակայունացնող դիրքորոշումին: Թուրքիան պէտք է նաեւ դադրեցնէ խթանել սուրիացի վարձկաններու եւ ժիհատականներու տեղափոխումը ու տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ կազմակերպէ անոնց անյապաղ տեղահանումը շրջանէն: Ըստ բանաձեւին, Թուրքիոյ կողմէ որեւէ միջամտութիւն զինադադարի դրութեան պահպանումը հսկող առաքելութեան պիտի նկատուի վտանգաւոր` տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութեան համար: Որեւէ նման առաքելութիւն պէտք է ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակն ու Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ ողջունեցին այն փաստը, որ Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տունը կը դիմէ կառավարութեան` եւրոպացի գործընկերներու հետ ընելու կարելի ամէն բան` նպաստելու համար Արցախի մէջ աւերուած կամ վնասուած շէնքերու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախի բնակչութեան եւ զոհեր ունեցած եւ գաղթական ընտանիքներուն: Կառավարութիւնը պիտի աջակցի, որպէսզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն առաքելութիւն ուղարկէ ներկայիս ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի տարբեր շրջաններ` յանուն ճարտարապետական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման:

Բանաձեւը նաեւ կ՛անդրադառնայ գերիներու վերադարձի խնդիրին: Ներկայացուցիչներու տունը խստագոյնս կը դատապարտէ պատերազմական գերիներու սպանութեան փաստը եւ կը պահանջէ, որ պատերազմի յանցագործութիւններ կատարողները հետապնդուին եւ պատժուին:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Ազրպէյճանի Հետ Գործընկերութեան Նոր Համաձայնագիր Կնքել, Մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պարտուած Հռչակեց Ազրպէյճանական Խումբը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.