Ալիեւ. «Հայաստանի Իշխանութիւնները Գիտակցաբար Տապալած Են Բանակցային Հոլովոյթը»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու առցանց հանդիպումին ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները 2019 թուականէն ի վեր ամէն ինչ ըրած են հարցի խաղաղ լուծման ձգտող բանակցային հոլովոյթը տապալելու համար:
Ան իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին` վերյիշելով վերջինիս «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» կարգախօսը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախարարը, այցելութեամբ գտնուելով Միացեալ Նահանգներու մէջ, հրապարակաւ յայտարարած է, թէ Հայաստան կը նախապատրաստուի նոր պատերազմի` նոր տարածքներու համար», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ այս յայտարարութիւնը կը բացայայտէ հայկական կողմի յարձակողական քաղաքականութեան էութիւնը:
Ալիեւի համաձայն, յատկանշական է, որ այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի նախագահը անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի` 2019 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարած «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» արտայայտութեան` ընդգծելով, որ այդ սադրիչ արտայայտութիւնը ուղղուած էր բանակցային հոլովոյթի տապալման:
«Այս ամէնը կը վկայէ, որ Հայաստան գիտակցաբար տապալած է բանակցային հոլովոյթը», նշած է Ալիեւ:
Ալիեւ յայտարարած է, որ ինք յաղթած է ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի բանակին, եւ պէտք չէ «յարձակումներ գործել Փաշինեանի վրայ»:
Ան Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան յորդորած է չխոչընդոտել եռակողմ յայտարարութեան գործադրումը: