Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Իրանամէտ Միլիսներ Կ՛ամբաստանէ Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Դէմ Յարձակում Գործելու Յանցանքով

December 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ընդգրկող Կանաչ շրջանին մէջ կիրակի օր 8 հրթիռներու իյնալէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «իրանամէտ միլիսներ» ամբաստանեց իր երկրի դեսպանատան դէմ յարձակում գործելու յանցանքով` կոչ ուղղելով այդ խմբաւորումները դատելու:

Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Իրաքցի ժողովուրդը արժանի է, որ այդ յարձակում գործողները դատուին»: Ան աւելցուց. «Այդ բիրտ ու փտած ոճրագործները պէտք է դադրեցնեն կայունութիւնը քայքայող իրենց արարքները»:

Կիրակի օր Պաղտատի Կանաչ շրջանի հրթիռակոծման պատճառով իրաքցի զինուոր մը վիրաւորուած էր, իսկ կարգ մը շէնքեր` նիւթական վնասներ կրած: Իրաքեան տեղեկատուական բջիջը յայտարարեց, որ հրթիռները արձակուած են «օրինազանց խմբակի մը կողմէ»:

Պաղտատի մէջ Միացեալ նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ դեսպանատան համալիրը թեթեւ վնասներ կրած է, սակայն ոեւէ մէկը չէ վիրաւորուած:

Դեսպանատունը իրաքցի բոլոր քաղաքագէտներուն ու կառավարական պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց` այսպիսի յարձակումներ արգիլող քայլեր որդեգրելու եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու:

«Իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներ» կազմաւորումը դատապարտեց դեսպանատան մէջ զինուորական ճամբարի անկանոն հրթիռակոծումը, «որ կը վտանգէ քաղաքայիններու կեանքը»` աւելցնելով, որ այս պահուն ամերիկեան դեսպանատունը հրթիռակոծելը «անկարգապահ վարմունք է», եւ «առնչակից կողմերը պէտք է ձերբակալեն արարքին հեղինակները»:

Ասահեպ Ահլ Հաք շարժումի ընդհանուր քարտուղար Քայս Խազաալի իր կարգին յայտնեց, որ Իրաքեան դիմադրութեան համակարգումի մարմինի ամերիկեան դեսպանատունը չհարուածելու որոշումը «սկզբունքային է», սակայն ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ յարձակումները «երկնային եւ երկրային օրէնքներով երաշխաւորուած իրաւունք է»:

Նախորդը

Խմբագրական. 205 Յօդուածին Հակասող Քայլեր

Յաջորդը

Ազրպէյճան Տակաւին Համաձայնութիւն Չէ Տուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութիւն Արցախ Ուղարկելու Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.