Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Մնայուն Լուծման Ձեւաւորման Ուղղութեամբ Որոշակի Դեր Ստանձնելու

December 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան խորհուրդի երրորդ նիստը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ նիստին նախագահած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհէյի մասնակցութեամբ: Հայկական պատուիրակութիւնը ղեկավարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան:

Գործընկերութեան խորհուրդը գնահատած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացումը, որ կ՛ընդգրկէ համագործակցութեան լայն շրջանակ` քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական եւ այլ ոլորտային ուղղութիւններու մէջ: Քննարկուած են նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու կարեւոր այլ բնագաւառներու ուղղութիւններ: Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է շարունակական լիակատար յանձնառութիւնը միացեալ օրակարգին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու Հայաստանին` բարեփոխումներու ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործին մէջ:

Գործընկերութեան խորհուրդը անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ի յայտ եկած մարտահրաւէրներուն` ընդգծելով Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են կեանքի եւ կենսամիջոցներու պաշտպանութեան, հասարակութիւններու եւ տնտեսութեան վերաբացման:

Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը քննարկած են նաեւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքին մէջ 10 նոյեմբերին զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք, Եւրոպական Միութեան դերը վերականգնման ու հաշտեցման աջակցելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ հարցեր:

«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ բարեփոխումներու իր օրակարգին հետամուտ ըլլալու եւ մեր երկկողմ համաձայնագիրը ամբողջութեամբ իրականացնելու Հայաստանի վճռական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցի անոր ճիգերուն, հակառակ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն, որոնց հետ բախում կ՛ունենայ երկիրը», նշած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ, փոխնախագահ Ճոզեփ Պորել: «Եւրոպական Միութիւնը, ի լրումն Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման ձեւաւորման ուղղութեամբ որոշակի դեր ստանձնելու: Մենք պատրաստ ենք խաղաղաշինութեան եւ վերակառուցման մեր գործիքակազմով ցուցաբերելու մեր աջակցութիւնը», ըսած է ան:

«Եւրոպական Միութիւնը խիստ յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վերականգնման եւ ներպետական շարունակական բարեփոխումներուն` ի շահ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ գործարարութեան: «ՔՈՎԻՏ-19» համաճարակին հետեւանքները չէզոքացնելու, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան ոլորտներուն մէջ կառավարութեան առաջնահերթ բարեփոխումներուն ուղղութեամբ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած ըլլալով հանդերձ, մենք պատրաստ ենք նաեւ քննարկելու, թէ ի՛նչ հետագայ աջակցութիւն պէտք է ցուցաբերել Հայաստանին` գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Մենք պատրաստ ենք նաեւ տրամադրելու 10 միլիոն եւրօ` աւելցնելով մարդասիրական օգնութիւնը, եւ աշխատելու տագնապներու աւելի համապարփակ վերափոխման եւ երկարաժամկէտ ընկերային-տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ», ընդգծած է Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհէյին:

«Գործընկերութեան խորհուրդի նիստին ընդառաջ` Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած էր զեկուցում 2019 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին: Զեկուցումին մէջ կ՛ընդգծուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման Հայաստանի յառաջընթացը, անոր հետեւողականութիւնը ներպետական բարեփոխումներու յանձնառութեան մէջ եւ Եւրոպական Միութեան առանցքային դերը` անոնց աջակցութեան գործին մէջ:

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի նիստը տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդի հանդիպման նախօրեակին: Հանդիպումները կը վերահաստատեն շրջանի երկիրներուն հետ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը շրջանի վերականգնման եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Պորթնիքով Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տունը Դատապարտած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.