Միջազգային

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տունը  Դատապարտած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տունը Դատապարտած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տունը 130 թեր եւ 12 ձեռնպահ քուէներով որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ատոր հետեւանքներուն վերաբերող բանաձեւ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Պելճիքայի հայերու կոմիտէն: Կը նշուի, որ բանաձեւը «կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը», եւ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ձեռնարկելու շարք մը քայլերու, որոնք ուղղուած են պատերազմէն վնասուած բնակչութեան հոգերը թեթեւցնելու,...

Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Մնայուն Լուծման Ձեւաւորման  Ուղղութեամբ Որոշակի Դեր Ստանձնելու

Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Մնայուն Լուծման Ձեւաւորման Ուղղութեամբ Որոշակի Դեր Ստանձնելու

17 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան խորհուրդի երրորդ նիստը: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ նիստին նախագահած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհէյի մասնակցութեամբ: Հայկական պատուիրակութիւնը ղեկավարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար...

Պորթնիքով Ալիեւի Հետ Քննարկած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ  Եռակողմ Յայտարարութիւնը

Պորթնիքով Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակի` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը եւ անոր հետ քննարկած Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, տագնապին լուծումը, եռակողմ համաձայնագիրի կէտերու կատարումը», նշուած է Ալիեւի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ հաղորդագրութեան, զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ...

Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Թուրքիան Դատապարտող Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Թուրքիան Դատապարտող Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլիըթ Էնկըլ եւ յանձնախումբի բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Մայքըլ Մըքքոլ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ հակասական քայլերը եւ այդ երկրի` շարք մը այլ ոլորտներու մէջ վարած քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքերէն ծառայութիւնը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիոյ...

«Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Ամերիկացի  Զինուորներու Կեանքերը Կը Վտանգեն»  Չաւուշօղլուին Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Ամերիկացի Զինուորներու Կեանքերը Կը Վտանգեն» Չաւուշօղլուին Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուին յայտնեց, որ Թուրքիոյ դէմ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնած ըլլալու համար հաստատած պատժամիջոցներուն նպատակը Թուրքիոյ օդային պաշտպանութեան կարողականութիւնը տկարացնելը չէ: «Պատժամիջոցներուն նպատակը արգիլելն է, որ Ռուսիան մեծաթիւ եկամուտներ, հասանելիութիւն ու ազդեցութիւն ունենայ» թրքական պաշտպանութեան համակարգերուն վրայ: Փոմփէօ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «Էս-400»-ներու «խնդիրը լուծելու...

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Ներքին  Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրած Է  Բնիկ Ամերիկացիի Մը Թեկնածութիւնը

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրած Է Բնիկ Ամերիկացիի Մը Թեկնածութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն հաստատած է իր ապագայ նախարարաց խորհուրդի տարբեր պաշտօններուն առաջադրուած քանի մը թեկնածութիւններ, որոնց մասին նախապէս հաղորդած էին լրատուամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Տեպրա Հալընտ Այսպիսով, Պայտըն երկրի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին առաջադրած է Միչիկընի նախկին նահանգապետ Ճենիֆըր Կրենհոլմը, երկրի ներքին գործոց նախարար, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զբաղի հողի օգտագործման հարցերով,...

«Ղարաբաղեան Տագնապը  Կը Թունաւորէր ԱՊՀ-ի Մէջ  Համագործակցութեան Մթնոլորտը»  Կ՛ըսէ Թոքայեւ

«Ղարաբաղեան Տագնապը Կը Թունաւորէր ԱՊՀ-ի Մէջ Համագործակցութեան Մթնոլորտը» Կ՛ըսէ Թոքայեւ

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ ողջունած է Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին յայտարարութեան ստորագրումը` նշելով, որ այդ տագնապը կը թունաւորէր ԱՊՀ-ի մէջ համագործակցութեան մթնոլորտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն: Տեսաժողովի ձեւաչափով երէկ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին Թոքայեւ յոյս յայտնած է, որ այդ «պատմական համաձայնագիրը» կը նպաստէ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման: «Ըստ էութեան, մարած...

Յունաստանի Մէջ Լրտեսութեան Ամբաստանութեամբ  Ձերբակալուած Է Թուրք Դիւանագէտ Մը

Յունաստանի Մէջ Լրտեսութեան Ամբաստանութեամբ Ձերբակալուած Է Թուրք Դիւանագէտ Մը

Յունական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ռոտոսի կղզիին վրայ թրքական հիւպատոսարանի քարտուղարը ձերբակալուած է լրտեսութեան ամբաստանութեամբ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտելով քայլը յայտնեց. «Յունական իշխանութիւններուն կողմէ մեր պաշտօնեային ձերբակալութիւնը Վիեննայի հիւպատոսական յարաբերութիւններու համաձայնութեան կէտերուն եւ մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնութեան խախտում մըն է»: Յունական ոստիկանութիւնը քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ երկրին իշխանութիւնները մտադիր են երկրին դէմ լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանել...

Փութին. «Կողմերը Պէտք Է Կանգ Առնեն 10 Նոյեմբերի  Դրութեամբ Գոյութիւն Ունեցող Դիրքերուն Վրայ,  Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Պէտք Է  Մնայ Անփոփոխ, Պէտք Է Սթաթիւս Քոն Ամրապնդուի»

Փութին. «Կողմերը Պէտք Է Կանգ Առնեն 10 Նոյեմբերի Դրութեամբ Գոյութիւն Ունեցող Դիրքերուն Վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Պէտք Է Մնայ Անփոփոխ, Պէտք Է Սթաթիւս Քոն Ամրապնդուի»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին` ընդգծելով, որ կացութիւնը վերահսկողութենէն դուրս եկած էր: Լարուածութիւնը, անոր խօսքով, կը շարունակուէր երկար տարիներէ ի վեր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը կասկած յայտնած է, թէ տագնապը բռնկած է արտաքին միջամտութեան պատճառով: «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշումը հետեւեալն...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Կարծիքով` Ռուս Խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ներկայութիւնը Ապակայունացման Վտանգ Կը Պարունակէ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կարծիքով` Ռուս Խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ներկայութիւնը Ապակայունացման Վտանգ Կը Պարունակէ

Ամերիկեան իշխանութիւնները կը կարծեն, որ ռուս խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայութիւնը կը սպառնայ ապակայունացնել շրջանին մէջ իրավիճակը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` զինուորական եւ քաղաքական հարցերով օգնական Քլարք Քուփըր: «Նման պարագայի Ռուսիոյ ներկայութիւնը կը սպառնայ ապակայունացնել», ըսած է ան` պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի այն հարցումին, թէ հաւանական է, որ Ուաշինկթըն հակազդէ...

Իրանի Հետ Հիւլէական Գործարքին Կողմերը  21 Դեկտեմբերին Նախարարներու Մակարդակով  Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենան

Իրանի Հետ Հիւլէական Գործարքին Կողմերը 21 Դեկտեմբերին Նախարարներու Մակարդակով Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենան

Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի (ԳՄՀԾ) միացեալ յանձնախումբի վերջին նիստին նախագահը յայտարարած է 21 դեկտեմբերին ԳՄՀԾ-ի մասնակիցներու ոչ պաշտօնական հանդիպման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: ԳՄՀԾ-ի միացեալ յանձնախումբի համակարգող, արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտը յանձնախումբի` չորեքշաբթի օր կայացած վերջին նիստէն ետք յայտարարութիւն հրապարակած է: ԳՄՀԾ-ի միացեալ յանձնախումբի 16 դեկտեմբերի նիստի նախագահի յայտարարութեան բնագիրին...

«Յաճախ Համաձայն Չեմ Էրտողանի Հետ, Սակայն  Ան Իր Խօսքին Տէրն Է Եւ Պոչը Թափ Չի Տար»  Կ՛ըսէ Փութին

«Յաճախ Համաձայն Չեմ Էրտողանի Հետ, Սակայն Ան Իր Խօսքին Տէրն Է Եւ Պոչը Թափ Չի Տար» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ինք այլ երկիրներու ղեկավարները չի բաժներ լաւերու եւ վատերու, այլ կ՛աշխատի անոնց հետ Ռուսիոյ համար լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար: Փութին ըսած է, որ ինք յաճախ համաձայն չէ Էրտողանի հետ, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարը «իր խօսքին տէրն է եւ թափ չի տար իր պոչը»: Պատասխանելով Տոնի Ռոսթովէն լրագրողի...

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Անհրաժեշտութիւն Են»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Անհրաժեշտութիւն Են» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու` ռուսական արտադրութեան «Էս-400» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումը անհրաժեշտութիւն է: Այս մասին կը յայտնէ «Կրիքթայմզ» կայքը: Անոր մեկնաբանութիւնները կատարուած են «Հարաւարեւելեան Եւրոպա եւ արեւելեան լրատուամիջոցներ» 2-րդ առցանց խորհրդաժողովի ընթացքին: Տենտիաս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները, զուգորդուած նախորդ շաբաթ Եւրոպական խորհուրդի նիստին...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Հաստատած Է  Իրաքի Երկինքին Մէջ Իրաքեան Անօդաչու  Թռչող Սարք Ջախջախելու Մասին Տեղեկութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Հաստատած Է Իրաքի Երկինքին Մէջ Իրաքեան Անօդաչու Թռչող Սարք Ջախջախելու Մասին Տեղեկութիւնը

Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է ամերիկեան ուժերու կողմէ Պաղտատի երկինքը իրաքեան անօդաչու թռչող սարքի ջախջախման մասին: Այս մասին կը յայտնէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Նախապէս լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը սխալմամբ ջախջախած են իրաքեան բանակի անօդաչու թռչող սարք մը, ինչ որ հետագային հաստատած էր Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը: «Լազերային կառավարումով համակարգը չորեքշաբթի օր ջախջախած է անօդաչու թռչող սարք մը...

Էրտողան Յոյս Ունի, Որ Ուաշինկթըն  Անգարայի Հետ Յարաբերութիւնները  Չի Զոհեր «Էս-400»-ներուն Պատճառով

Թուրքիոյ Մէջ Յայտարարած Են, Որ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Պիտի Չազդեն Ռուսիոյ Հետ Համաձայնագիրին Վրայ

Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները պիտի չազդեն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրին վրայ եւ վնաս պիտի չհասցնեն Անգարային: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախագահ Իսմայիլ Տեմիր: «Պատժամիջոցները ոչ մէկ բանի վրայ պիտի ազդեն, բացի այն մարդոցմէ ու գերատեսչութիւններէն, որոնց դէմ անոնք հաստատուած են: Անոնք նաեւ պիտի չազդեն նախապէս ստորագրուած համաձայնագիրներուն...

Թուրքիան Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնման Համար Նախապայման Ներկայացուցած Է

Թուրքիան Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար Նախապայման Ներկայացուցած Է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, եթէ Փարիզ փոխէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիան բազմիցս Ֆրանսայի հետ խայթող դիտողութիւններ փոխանակած է Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներու հրապարակման վերաբերեալ», յայտարարած...

Եւրոպական Միութիւնը Ընդլայնեց  Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Էրտողան Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ «Նոր Էջ» Բանալու

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յոյս յայտնեց իր երկրին եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «նոր էջ» մը բանալու: Ասիկա երկու կողմերուն միջեւ անցեալ շաբաթ Պրիւքսելի կողմէ Անգարայի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք առաջին հաղորդակցութիւնն էր: Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց. «Այն պահուն, երբ Թուրքիա կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան հետ նոր էջ...

Նախիջեւան – Թուրքիա Կազի Խողովակաշարի  Կառուցման Համաձայնութիւն

Նախիջեւան – Թուրքիա Կազի Խողովակաշարի Կառուցման Համաձայնութիւն

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ եւ անոր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Փարուիզ Շահպազով ստորագրեցին Թուրքիոյ արեւելեան Իգդիր նահանգէն դէպի Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարի կառուցման համաձայնութիւն մը: Տէօնմեզ համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը ամբողջացուցած է անդրանատոլեան ԹԱՆԱՓ բնական կազի խողովակաշարի ծրագիրը` ազրպէյճանական կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրելու համար` աւելցնելով, որ ծրագիրը ամբողջացած է մրցանշային արագութեամբ, եւ...

«Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահին  Յայտարարութիւնը Զիս Ապշեցուց»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահին Յայտարարութիւնը Զիս Ապշեցուց» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատմած է, թէ ինչո՛վ կը զբաղին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն ու Ղարաբաղի հարցով միւս կառոյցները: Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ատիլ Ալիեւ նախապէս յայտարարած էր, որ ռուս խաղաղապահները իրաւունք չունին Ղարաբաղի քարտէսը փոխելու: Ան նաեւ նոր կորուստներու սպառնալիքներ ուղղած էր Հայաստանին եւ անոր դաշնակից Ռուսիոյ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը երէկ շեշտեց,...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մերժած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու Պահանջը

Ապահովութեան Խորհուրդը Լիպիայէն Օտար Զինեալներու Եւ Վարձկաններու Հեռացումը Պահանջեց

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ «բոլոր վարձկաններուն եւ օտար զինեալներուն հեռանալու լիպիական հողերէն»: Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները իրենց յայտարարութեան մէջ յայտնեցին, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն «Լիպիայէն բոլոր օտար զինեալներու ու վարձկաններու հեռացման, ինչ որ համահունչ է զինադադարի համաձայնութեան, զոր լիպիական կողմերը գոյացուցին 23 հոկտեմբերին, ինչպէս նաեւ փետրուարին Պերլինի խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ստանձնած յանձնառութիւններուն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան...

Page 394 of 883 1 … 393 394 395 … 883

Արխիւներ