Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուին յայտնեց, որ Թուրքիոյ դէմ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնած ըլլալու համար հաստատած պատժամիջոցներուն նպատակը Թուրքիոյ օդային պաշտպանութեան կարողականութիւնը տկարացնելը չէ:
«Պատժամիջոցներուն նպատակը արգիլելն է, որ Ռուսիան մեծաթիւ եկամուտներ, հասանելիութիւն ու ազդեցութիւն ունենայ» թրքական պաշտպանութեան համակարգերուն վրայ:
Փոմփէօ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «Էս-400»-ներու «խնդիրը լուծելու մեր երկիրներուն միջեւ տասնամեակներու վրայ երկարող պաշտպանական մարզի համագործակցութեան եւ վերադառնալու` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ իր յանձնառութիւններուն գնելու զէնքեր, որոնք համարկելի են ՕԹԱՆ-ի զէնքերուն»:
«Օդային պաշտպանութեան ռուսական «Էս-400» համակարգերը, որոնք Թուրքիան գնեց, ամերիկացի զինուորները վտանգի կ՛ենթարկեն», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:



