Հրեայ-ամերիկացի լրտես Ճէյսըն Փոլարտ Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելուն համար 35 տարի բանտարկուելէ ետք երէկ առաւօտեան հասաւ Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայան:
Զինք օդակայանին մէջ դիմաւորելու եկաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ Փոլարտին ու անոր կնկան օդանաւին աստիճաններուն մօտ իսրայէլեան քաղաքացիութիւն շնորհեց` ըսելով. «Դարձեալ բարի եկած էք, ազատութեամբ եւ ուրախութեամբ: Այժմ դուն քու տանդ մէջ ես»:
Փոլարտ իր կարգին պատասխանեց. «Խանդավառ ենք 35 տարի ետք վերջապէս հայրենիք վերադառնալու: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իսրայէլի ժողովուրդին եւ Իսրայէլի վարչապետին մեզ հայրենիք վերադարձնելուն համար: Չկայ այս երկիրով կամ անոր ղեկավարով մեզմէ աւելի հպարտացող մէկը»:
Փոլարտ շուրջ հինգ տարի առաջ ամերիկեան բանտէն ազատ արձակուեցաւ, սակայն միայն անցեալ ամիս վերցուեցան այն խիստ սահմանափակումները, որոնք արգելք կը հանդիսանային, որ Միացեալ Նահանգներէն հեռանայ: