Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Քրէական Գործ Յարուցուած Է Դիմատետրեան «Լայք»-ի Պատճառով

Յունուար 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանական դատախազութիւնը առաջին անգամ ըլլալով քրէական գործ նախաձեռնած է Դիմատետր ընկերային ցանցի հաւանումներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ «Ի. Էյ. Տէյլի» կայքը:

Ֆրանքֆորթի դատախազութեան համացանցային հետաքննիչները քրէական գործ յարուցած են փետրուար 2020-ի Հանաուի սպանդի (որուն ընթացքին տասը մարդ զոհուած էր) նիւթով հաւանումներուն վերաբերեալ:

Դիմատետրեան «Ցանցային հայրենիք» խումբին մէջ մէկը գրած էր. «Այնքան ատեն որ անոնք գլուխ կը կտրեն, ամէն բան լաւ է»: Այս մեկնաբանութիւնը հաւանած էին ընկերային ցանցի 13 օգտատէրեր, որոնց շարքին 63 տարեկան տղամարդ մը, որ հիմա կը հետաքննուի ծանր յանցագործութեան մեղադրանքով:

Ընդհանուր առմամբ, ըստ ընդհանուր դատախազ Պենիամին Քրաուզէի, յարուցուած են 36 այսպիսի քրէական գործեր, որոնք հիմնականին մէջ Հանաուի յարձակումին յաջորդած չարամիտ մեկնաբանութիւններուն կը վերաբերին:

Լրատու գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ փետրուար 2020-ին 43 տարեկան Թոպիաս Ռաթիէն նախ կրակած ու սպաննած էր իր 72 տարեկան մայրը, ապա յարձակած ներգաղթեալներու վրայ: Սպաննուածներու շարքին եղած են ազգութեամբ քիւրտեր եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ: Ընդհանուր առմամբ, զոհուած է 10 մարդ, ատոր յաջորդած է ահաբեկիչի` համացանցի վրայ հրապարակած 24 էջնոց, ցեղապաշտական ատելութեամբ լեցուն մանիֆեստը, որուն մէջ շեշտուած եղած է Գերմանիայէն արտաքսել չկարենալու պատճառով որոշ ժողովուրդներու ջնջման անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

«Չինաստան Մեծ Նշանակութիւն Կու Տայ Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական Յարաբերութիւններուն» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգները Ծովուն Մէջ Իրենց Գերակայութեան Հիմնական Սպառնալիք Նշած Են Ռուսիան Եւ Չինաստանը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?