Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Իւրանիոմը 20 Առ Հարիւրով Պիտի Հարստացնէ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

January 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան մտադիր է իւրանիոմը սկսիլ 20 առ հարիւրով հարստացնելու, ինչ որ մինչեւ այսօր հիւլէական համաձայնութեան` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին ամէնէն նկատառելի խախտումն է: «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը:

Այս համեմատութիւնը հիւլէական ռումբի արտադրութեան համար պէտք եղած 90  առ հարիւրէն շատ նուազ է, սակայն ըստ 2015 թուականին «5+1»-ին գոյացած համաձայնութեան, այդ հարստացումը պէտք է 4 առ հարիւրէն նուազ մնայ:

Իրան համաձայնութիւնը սկսաւ խախտել, երբ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկիրը դուրս բերաւ հիւլէական համաձայնագիրէն եւ վերահաստատեց Իրանի դէմ պատժամիջոցները: Բայց եւ այնպէս, համաձայնագիրը ստորագրած միւս երկիրները` Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Ռուսիան եւ Չինաստանը կը յուսան, որ համաձայնագիրը կարելի է վերականգնել:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտնեց, որ Իրան տեղեակ պահած է, որ կը ծրագրէ իւրանիոմը լերան մէջ կառուցուած «Քորտօ» հիւլէական կայանին մէջ հարստացնել 20 առ հարիւրով:

«Իրանի գործակալութեան յղած նամակը… չի նշեր, թէ հարստացման այս գործունէութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց ՄԱԿ-ի գործակալութիւնը:

Իրան 2019-ին խախտեց հարստացման համեմատութիւնը 3,67 առ հարիւրի նշացողէն վար պահելու պայմանը, սակայն մինչեւ հիմա զայն կը պահէր 4,5 առ հարիւրին վրայ:

Բայց եւ այնպէս Իրանի խորհրդարանը անցեալ ամիս երկրին աւագ գիտնական Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութենէն ետք որդեգրեց իւրանիոմը մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացնել արտօնող օրինագիծ մը:

Օրինագիծը կառավարութեան կը պարտադրէր իւրանիոմը մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացնել, եթէ երկրին քարիւղի եւ ելեւմտական մարզերուն դէմ պատժամիջոցները երկու ամսուան ընթացքին չվերցուին:

Օրինագիծը նաեւ կ՛արգիլէ ՄԱԿ-ի քննիչներուն Իրանի Նաթանզ եւ Ֆորտօ հիւլէական կայաններ մուտքը:

 

 

Նախորդը

Խաղաղութեան եւ Համախմբման Տարի

Յաջորդը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը Կը Սպառնայ Հակադարձել Իրանի Դէմ «Որեւէ Քայլի»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.