Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ արծարծած է վերատեսութեան հարցը 1923 թուականին կնքուած Լոզանի դաշնագիրին, որուն մէջ որոշուած են Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները: Այս մասին կը գրէ յունական «Էքաթիմերինի» օրաթերթը:
«Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ ատոր յաջորդած պատերազմներէն ետք կային որոշ պայմաններ, որոնք յստակ չէին, եւ թերեւս անոնք այսօրուան քննարկումներուն հիմք դրած են: Անոնցմէ մէկը Լոզանն է: Սակայն անցած է հարիւր տարի, ես կը կարծեմ, որ մենք կրնանք նստիլ եւ քննարկել զանոնք, համաձայնիլ անոնց շուրջ», յայտարարած է ան:
Ան նաեւ Աթէնքը մեղադրած է շրջանին մէջ լարուածութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմաններու շուրջ վէճի յանցանքով:
Անոր համաձայն, «Յունաստանը իր քաղաքականութեամբ կ՛ուզէ Թուրքիան իր սեփական ափերուն մէջ ծուղակը ձգել»:
«Մենք կը կառուցենք զսպումի հզօր ենթակառոյց: Մեր նպատակն է դառնալ ճարտարագիտութիւններով կառավարուող երկիր` «Երկնագոյն հայրենիքէն» մինչեւ համացանցային տարածութիւն եւ տիեզերք, մենք պիտի պաշտպանենք բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր գերիշխան իրաւունքները», ըսած է ան:



