Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Կայուն Խաղաղութիւն Ըլլայ, Մենք Պիտի Կարենանք Կարգաւորել Թուրքիա – Հայաստան, Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Դեկտեմբեր 31, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 դեկտեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումէն ետք վերջինս միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յիշեցուցած է, որ 2020 թուականին կ՛ամբողջանայ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակը, իսկ 2021 թուականին` Մոսկուայի համաձայնագիրի ստորագրման 100-ամեակը:

Չաւուշօղլու նշած է, որ բացի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ երկկողմանի յարաբերութիւններէն, քննարկուած են նաեւ շրջանային խնդիրներ, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները:

Թուրք նախարարը շեշտած է, որ մինչեւ հիմա շրջանային խնդիրներու շուրջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ծիրին մէջ ձեռնարկուած քայլերը շօշափելի արդիւնքներ տուած են:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ զինադադար հաստատուած է: Տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն: Կը ստեղծուի միացեալ հսկողութեան կեդրոն, որ շուտով պիտի գործէ: Մեր նպատակն է այստեղ հասնիլ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան, որուն համար մենք պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր կարելիութիւնները, ներառեալ «Մեծ վեցեակ»-ի ձեւաչափը, եւ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին վստահութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ: Կը հաւատամ, որ անմիջապէս, որ այդ քայլերը կատարուին, մենք պիտի հաստատենք տեւական խաղաղութիւն, եւ ատով պիտի կարգաւորուին շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները… Մեր նախագահը եւ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ եթէ այս հոլովոյթը ընթանայ իր հունով, եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ, մենք պիտի կարենանք կարգաւորել Թուրքիա-Հայաստան, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները: Ատիկա այն է, ինչ որ պէտք է կատարուի: Մենք այս հարցին շուրջ մեր աշխատանքը պիտի համակարգենք Ազրպէյճանի հետ: Ռուսիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը այստեղ կարեւոր է: Մենք իսկապէս կը ցանկանք տեսնել այդպիսի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որպէսզի խաղաղութիւն, կայունութիւն, տնտեսական զարգացում ըլլայ, որպէսզի մեր առաքելութիւնները հետագային ստիպուած չըլլան այնտեղ խաղաղութիւն հաստատելու եւ վերահսկելու», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Նախորդը

«Բրիտանական» «Քորոնա» Ժահրով Վարակման Պարագաներ Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ Նահանգին Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ

Յաջորդը

«Եռակողմ Յայտարարութիւնը Նախադրեալներ Կը Ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ճգնաժամի Երկարաժամկէտ, Լիարժէք Ձեւաչափով Յաղթահարման Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?