Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Անգամ Ըլլալով Սէուտական Արաբիա Իր Այցելութեան Ակնարկելով` Նեթանիահու Կը Յայտնէ, Թէ Վերջերս Արաբական Այլ Երկիրներ Ալ Այցելած Է

January 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առաջին անգամ ըլլալով անուղղակիօրէն ակնարկած է անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան, որ հերքուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Իսրայէլեան օրաթերթը յայտնեց, որ Նեթանիահու Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ակնարկած է շաբաթ գիշեր Լիքուտ կուսակցութեան դռնփակ ժողովի ընթացքին, ինչ որ այդ այցելութեան առաջին ծանօթ հաստատումն է:

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին, իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած էին, որ Նեթանիահու անցեալ ամիս սէուտական Նիոմ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել կը ծրագրէ՞, Իսրայէլի վարչապետը ըսած է. «Վերջերս արաբական շարք մը երկիրներ այցելեցի, ինչպէս նախապէս չկրցայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մասին խօսիլ, հիմա ալ չեմ կրնար խօսիլ»:

Օրաթերթը հաւանական կը նկատէ, որ խօսքը Սէուտական Արաբիոյ մասին է, «որովհետեւ ի տարբերութիւն Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան, Նեթանիահուի կողմէ կատարուած որեւէ այցելութեան մասին չէ յայտարարուած»:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յոյս յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն այցելելու:

Ինչ կը վերաբերի Նեթանիահու-Պըն Սալման հանդիպումին սէուտական հերքումին, օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ «այդ հերքումը չի նշանակեր, թէ հանդիպումը չէ կայացած, սակայն հարցը այն է, որ սէուտցիները այս հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածելու պատճառով մեծապէս նեղ կացութեան մատնուած են»:

Այդ հանդիպումէն ետք իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Ամոտ Եիտլին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը հերքեց Նեթանիահուի Պըն Սալմանի միջեւ հանդիպումը, որովհետեւ շրջանին մէջ այլ արտաքին գործոց նախարարներու նման անտեղեակ էր այդ հանդիպումէն»:

Նախորդը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը Կը Սպառնայ Հակադարձել Իրանի Դէմ «Որեւէ Քայլի»

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխի Տպաւորիչ Յաղթանակը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.