Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եռակողմ Յայտարարութիւնը Նախադրեալներ Կը Ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ճգնաժամի Երկարաժամկէտ, Լիարժէք Ձեւաչափով Յաղթահարման Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Դեկտեմբեր 31, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կ՛ակնկալէ, որ 2021 թուականին նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ, ընդհանուր առմամբ, կայուն իրավիճակ պիտի ըլլայ, ինչի մասին Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Կ՛ակնկալենք, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին վիճակը պիտի ըլլայ, ընդհանուր առմամբ, կայուն: Ատոր հիմքերը կան: Օրինակ` Ռուսիոյ հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղաւ զինադադարի հասնիլ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ: 9 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը նախադրեալներ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի երկարաժամկէտ, լիարժէք ձեւաչափով յաղթահարման համար` արդար հիմերով եւ հայ ու ազրպէյճանցի ժողովուրդի շահերէն մեկնելով», ըսած է Լաւրով:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Լաւրով մտահոգութիւն չունի՞, որ ռուս խաղաղապահները յառաջիկայ տարուան մէջ կրնան յայտնուիլ կողմերու միջեւ կրակոցի գիծին վրայ, ան ըսած է. «Մենք կը մեկնինք Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ ճշդուած պարտաւորութիւններու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութենէն: Այս իմաստով մենք կը շարունակենք մեր միջնորդական համագործակցութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի հետ:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութիւնը կարգաւորուելու միտում ունի: Մենք գոհունակութեամբ կը նշենք Պաքուի եւ Երեւանի` իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու, իրավիճակի ընդհանուր կայունացման ուղղութեամբ աշխատելու տրամադրուածութիւնը:

«Կ՛ուզէի նշել, որ կողմերը համագործակցութեան բարձր մակարդակ կը ցուցաբերեն «տեղւոյն վրայ» ծագող խնդիրներու լուծման հարցին մէջ: Ռուսիան, իր կարգին, կը շարունակէ պատասխանատու կերպով եւ արդիւնաւէտօրէն կատարել զինադադարի դրութեան երաշխաւորի իր գործառոյթը: Տակաւին ռուս խաղաղապահներու նկատմամբ սադրիչ գործողութիւններ չեն արձանագրուած:

«Միակ նկատելի խախտումը 13 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է շփման գիծի այն հատուածին վրայ, ուր ռուս խաղաղապահները ներկայ չեն եղած: Մեր խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կողմէ ձեռնարկուած եռանդուն քայլերը ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն հետ հաղորդակցութեան ընթացքին, օգնած են խուսափելու միջադէպի սրումէն: Մենք պիտի շարունակենք գործադրել բոլոր ջանքերը` կանխարգիլելու զինադադարի խախտումները:

«Օրակարգի վրայ զինադադարի դրութեան խախտումներուն կանխարգիլումն է, ինչպէս նաեւ տարածքի մաքրումը պայթուցիկ սարքերէ, պատերազմական գերիներու եւ մահացածներու մարմիններու փոխանակումը, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձի անվտանգութեան ապահովումը, մարդասիրական հրատապ խնդիրներու լուծումը, պատմական յուշարձաններու պահպանումը` անկախ անոնց պատկանելիութենէն, փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը: Այս բոլոր ոլորտներուն մէջ կայ որոշակի դրական միտում, սակայն կան նաեւ խնդիրներ, որոնք անխուսափելի են` հաշուի առնելով անսովոր իրավիճակը:

«Ինչ կը վերաբերի տակաւին չլուծուած քաղաքական հարցերու քննարկման, ես կրնամ վերահաստատել մեր պատրաստակամութիւնը թէ՛ մեր ազգային ծիրին մէջ, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջոցով աջակցելու նման հանդիպումներու կազմակերպման, անմիջապէս, որ կողմերը ատոր պատրաստ ըլլան», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

«Եթէ Կայուն Խաղաղութիւն Ըլլայ, Մենք Պիտի Կարենանք Կարգաւորել Թուրքիա – Հայաստան, Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Մենք Կը Բանանք Բրիտանիոյ Պատմութեան Նոր Էջը` Առեւտրական Գործարքներ Կնքելով Աշխարհի Տարբեր Երկիրներու Հետ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?