Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Շէնքը Թրամփի Համակիրներուն Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Յունուար 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մինչ Քոնկրեսը Վաւերացուց Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը` Թրամփի Վարչակազմէն Իրերայաջորդ Հրաժարականներ Եւ Զինք Պաշտօնազրկելու Քոնկրեսական Քայլեր

Միացեալ Նահանգերու Քոնկրեսի վերին պալատին` Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր հինգշաբթի օր կոչ ուղղեց` անմիջապէս պաշտօնազրկելու Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ ատոր ամէնէն լաւ ձեւը նկատեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ սահմանադրութեան 25-րդ բարեփոխման կիրարկումը, «բան մը, որ անոր օրինական եւ սահմանադրական իրաւասութիւնն է»:

Ան ըսաւ, որ եթէ Փենս մերժէ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնիլ, ապա Քոնկրեսը պէտք է «Թրամփը դատի ենթարկելու ժողով գումարէ»: «Թրամփը իշխանութենէն հեռացնելու լաւագոյն ձեւը անոր տեղակալին կողմէ կիրարկումն է սահմանադրութեան թիւ 25 բարեփոխման», որ կը վերաբերի նախագահի իշխանութենէն հեռացման, եթէ «անկարող է իր պաշտօնին բեռը վերցնել»:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ չորեքշաբթի օր հաղորդեցին, որ Թրամփի վարչակազմի անդամ շարք մը նախարարներ քննարկած են զինք իշխանութենէն հեռացնելու կարելիութիւնը, երբ անոր հազարաւոր համակիրները ներխուժեցին Քոնկրեսի շէնք` նախագահական ընտրութեան արդիւնքի վաւերացումը խանգարելու համար:

Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Էտըմ Քինզընճըր իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով կոչ ուղղեց` Թրամփը իշխանութենէն հեռացնելու համար կիրարկելու ամերիկեան սահմանադրութեան թիւ 25 բարեփոխումը:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի հինգշաբթի օր յայտնեց. «Եթէ փոխնախագահն ու նախարարները որեւէ քայլի չդիմեն, ապա Քոնկրեսը կրնայ պատրաստ ըլլալ պաշտօնազրկման քայլերու դիմելու»:

Ծերակուտական Թետ Քրուզ յայտնեց. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Քոնկրեսին մէջ ներքին ահաբեկչութիւն է»:

Շարք մը միջազգային ղեկավարներ դատապարտեցին Թրամփի համակիրներուն կողմէ Քոնկրեսի շէնք ներխուժումը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս Թրամփէն եւ անոր համակիրներէն պահանջեց «ընդունիլ ամերիկացի ժողովուրդին որոշումը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ուաշինկթընի դէպքերը ցոյց տուին, որ ամերիկեան ընտրական դրութիւնը հին է եւ այլեւս չի համապատասխաներ արդիական արժեչափերուն»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ըսաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ Քափիթոլի շէնքի դէպքերը «ամօթալի արարք»-ներ են: Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն «առանց վերապահութեան» դատապարտեց Թրամփի կողմէ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը կասկածի տակ առնելն ու անկարգութիւններ հրահրելը:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ «ասիկա քաոս եւ անջատողական փորձ է»` նշելով. «Ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը աննախադէպ յարձակումի կ՛ենթարկուի»: Ան գործող նախագահէն պահանջեց պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով իր համակիրները դուրս բերել Քոնկրեսի շէնքէն: Ան հինգշաբթի օր ըսաւ, որ Թրամփն էր, որ «այդ ամբոխը Քոնկրես ներխուժելու եւ ամերիկացի ընտրողներուն ձայները լռեցնելու հրահրեց»:

Պայտըն Քոնկրեսի դէմ յարձակողները «տեղական ահաբեկիչներ» կոչեց` նշելով, որ պէտք է «անկարգութեան արարքներուն մասնակիցները հաշուետուութեան ենթարկել»:

Թրամփ չորեքշաբթի օր պատկերասփիւռէն արձանագրուած հակիրճ ուղերձ մը յղելով իր համակիրներուն կոչ ուղղեց խաղաղութիւնը պահպանելու եւ վերադառնալու իրենց տուները:

Ան յաջորդ օրը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ հակառակ ընտրութեան արդիւնքներուն  «ամբողջովին տարակարծիք ըլլալուս, եւ ինծի համար փաստերը յստակ են, բայց եւ այնպէս 20 յունուարին իշխանութեան կանոնաւոր փոխանցում տեղի պիտի ունենայ»:

Դիմատետր, «Թուիթըր» եւ «Սնափ» ընկերային ցանցերը ժամանակաւորապէս սառեցուցին Թրամփի էջերը:

Միացեալ Նահանգներու կրթութեան նախարար Փեցի Տեւոս յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ նախագահ Թրամփը մեղադրեց Քափիթոլի շէնքին դէմ «անտրամաբանական» ներխուժման յանգած հռետորաբանութեան համար:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան 4 խորհրդականներ` ափրիկեան հարցերու աւագ տնօրէններէն Այրին Ուալշ, պաշտպանութեան քաղաքականութեան առաջին տնօրէն Մարք Վանտորֆ, զանգուածային քանդումի զէնքերու հարցով առաջին տնօրէն Անթոնի Ռոճերօ, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի առաջին տնօրէն Ռապ Ճերնիուէյ հրաժարած են իրենց պաշտօններէն:

Քոնկրեսը հինգշաբթի օր հաստատեց նախագահական ընտրութեան մէջ Ճօ Պայտընի յաղթանակը: Քոնկրեսին մէջ ընտրիչներու ձայներու հաստատումը կը բացառէ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը վիճարկելու համար սահմանադրական կարելիութիւնները:

Յայտնենք, որ չորեքշաբթի օր ամերիկեան Քոնկրեսի շէնք ներխուժումը տեղի ունեցաւ անակնկալ կերպով, եւ ոստիկանութիւնը անկարող եղաւ արգելք հանդիսանալ, որ ցուցարարները հասնին Քոնկրեսին մէջ գտնուող ժողովասրահներ եւ քոնկրեսականներու գրասենեակներ: Ցուցարարներէն մէկը Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի գրասենեակ մուտք գործեց եւ անոր սեղանին վրայ ձգեց թղթածրար մը, որուն վրայ գրուած էր` «պիտի չյանձնուինք»:

Քոնկրեսի շէնք ներխուժումը պատահական չէր. Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր համակիրները քաջալերեց մասնակցելու նախագահական ընտրութեան արդիւնքը մերժող հաւաքներուն, այդ կոչէն կարճ ժամանակ ետք ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակը:

 

Նախորդը

«Ֆրանսայի Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ճամբու Քարտէս Գոյացնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Համաճարակի Վատագոյն Ամիսները, Կը Կարծեմ, Տակաւին Առջեւն Են» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?