Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վար Առնուած «Մի-24»-ի Գործով Ռուսիան Ազրպէյճանէն Իրաւաբանական Օգնութիւն Խնդրած Է

January 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ զինուորական քննիչները իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներէն օգնութիւն խնդրած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ռուսական զինուորական «Մի-24» տիպի ուղղաթիռի վար առնուելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի քննութեան հարցին մէջ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է կացութեան ծանօթ աղբիւրը:

«Այս գործի քննութեան ընթացքին անհրաժեշտ դարձած է իրականացնել շարք մը քննչական գործողութիւններ, մասնաւորաբար` պարզելու շարք մը կասկածելիներու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ այս միջադէպի որոշ հանգամանքներ: Այս առնչութեամբ Ազրպէյճան դիմում ուղարկուած է միջազգային իրաւաբանական օգնութիւն տրամադրելու հարցով», ըսած է աղբիւրը:

Ան նշած է, որ միայն համապատասխան նիւթեր ստանալէ ետք պիտի լուծուի ռուս զինուորական օդաչուներու սպանութեան համար մեղադրանքներ առաջադրելու հարցը:

«Որովհետեւ մենք կը խօսինք օտարերկրեայ քաղաքացիներու մասին, որոնք չեն կրնար արտայանձնուիլ, ռուսական կողմը, ամենայն հաւանականութեամբ, հետաքննութեան նիւթերը պիտի ուղարկէ Պաքու` յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար», բացատրած է աղբիւրը:

Ան ըսած է, որ ներկայիս Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննիչները հետաքնութիւն կը կատարեն Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի «Երկու կամ աւելի անձերու դիտաւորեալ սպանութեան» յօդուածով յարուցուած քրէական գործով, որ կը նախատեսէ պատիժ մինչեւ ցկեանս բանտարկութիւն:

«Մօտիկ ապագային հետաքննութիւնը պիտի երկարաձգուի յաւելեալ երկու ամիսով», նշած է «Ինթըրֆաքս»-ի աղբիւրը:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սփորթինկ Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

Յաջորդը

«Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք Իրանի Մէջ Գրաւուած Քարիւղատար Նաւու Ազատ Արձակման Համար» Կ՛ըսէ Սէուլ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.