Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ չի ձգտիր «շրջանին մէջ լարուածութեան, եւ պիտի չտատամսինք ուժեղ կերպով մեր անվտանգութիւնը պաշտպանելու»:
«Մեր պաշտպանողական ու հրթիռային կարողականութեան շուրջ պիտի չբանակցինք, եւ մենք զանոնք կը զարգացնենք ըստ մեր պաշտպանողական կարիքներուն», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի շրջանին մէջ ամերիկեան շարժումներուն, «եւ կը զգուշացնենք որեւէ արկածախնդրութեան դիմելէ»:
«Ուաշինկթըն կը կրէ շրջանին մէջ որեւէ արկածախնդրութեան պատասխանատուութիւնը, եւ շրջանի երկիրները զգուշացուցինք ատոր մասնակից դառնալէ», նշեց Թեհրան:
«Ամերիկեան օդանաւակիրներուն շրջան մուտքը կամ ելքը մեր հարցը չէ», յայտնեց նախարարութիւնը` մաղթելով, որ Ուաշինկթըն «Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան վերջին օրերուն որեւէ կասկածելի քայլ չկատարէ»:
«Շրջանը աւելի պիտի կայունանայ, երբ Ռիատ որոշէ մեզի եւ շրջանի երկիրներուն հետ բանակցիլ: Ան պէտք է դադրի իր անվտանգութեան երաշխաւորումը շրջանէն դուրս փնտռելէ», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: