Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին յարաբերութիւններու հարցով պետական նախարար Անուար Քըրքաշ յայտարարեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ առեւտրական հիմնական գործընկեր մըն է եւ անոր նկատմամբ որեւէ թշնամանք չի տածեր:
«Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովի ընթացքին Քաթարի հետ գոյացած համաձայնութիւնները լաւ սկիզբ են», շեշտեց ան` նշելով. «Դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը ժամանակի պիտի կարօտի` նկատի ունենալով տակաւին գոյութիւն ունին որոշ տարակարծութիւններ, որոնց շարքին` աշխարհաքաղաքական, ինչպէս` Իրանը, Թուրքիան եւ քաղաքական իսլամութիւնը, որ արաբական կարգ մը վարչակարգեր գոյութենական վտանգ կը նկատեն»:
Քըրքաշ նաեւ յայտնեց, որ` «մեր երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ թիւ մէկ առեւտրական գործընկերն է»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ հետ որեւէ թշնամանքով չենք հպարտանար»:
«Արաբական ՄԻացեալ Էմիրութիւններու համար հիմնական խնդիրը Թուրքիոյ` իր ռազմավարական դերին պատկերացումն է, կ՛ուզէ շրջանին մէջ կարեւոր եւ ծաւալապաշտական դեր խաղալ` ի վնաս արաբական երկիրներուն», ընդգծեց Քըրքաշ:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Քաթարի հետ բոլոր սահմաններուն վերաբացումը յայտարարեց:



