Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու եւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան կիրարկման հարցերու քննարկման համար նախ անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել:
Ազրպէյճանական «Թուրան» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւան` մեկնաբանելով ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի տեղեկատուութեան քննարկումը, ըստ որուն, Ազրպէյճան ցանկին վրայ է այն երկիրներուն, որոնց հետ Հայաստանը փոխադարձ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն ունի:
«Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար անհրաժեշտ է փոխադարձաբար ճանչնալ եւ յարգել գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը», ըսած է Ապտուլայեւան` նշելով, որ ներկայիս չկայ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւնները կարգաւորող միջազգային համաձայնագիր:
«Ուստի ներկայ փուլին անհիմն է խօսիլ փոխադարձութեան հիմքով մուտքի արտօնագիրներէն ազատուելու մասին», ամփոփած է Ապտուլայեւա:
Յայտնենք, որ 8 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը ներկայացուցած էր ցանկը այն երկիրներուն, որոնց հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանց մուտքի արտօնագիրներու դրութիւն ունի, ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Ազրպէյճանը: