Ռուսիոյ զինուորական հետաքննութիւնը խստացուցած է այն յօդուածը, ըստ որուն, հետաքննուած է Ազրպէյճանի հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ռուսական բանակի «Մի-24» ուղղաթիռի ջախջախման դէպքը:
Եթէ նախապէս խօսքը Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 351-րդ յօդուածին մասին էր` «Թռիչքներու կանոններու խախտում կամ անոնց նախապատրաստում, որոնք անզգուշութեամբ մահուան պատճառ դարձած են», ապա գործը վերադասակարգուած է «Երկու կամ աւելի անձերու դիտաւորեալ սպանութիւն» յօդուածով:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ յօդուածը խստացնելու որոշում տրուած է քննչական եւ գործնական գործողութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:
Միեւնոյն ժամանակ, գործակալութեան աղբիւրը դժուարացած է ըսել, թէ հետաքննութեան տեւողութիւնը որքա՛ն պիտի ըլլայ:
«Կան որոշակի դժուարութիւններ` առնչուած այն բանին հետ, որ կասկածելիները կը գտնուին այլ պետութեան մը տարածքին մէջ», ըսած է ան: