Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք Իրանի Մէջ Գրաւուած Քարիւղատար Նաւու Ազատ Արձակման Համար» Կ՛ըսէ Սէուլ

January 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քանկ Քիոնկ Հուա յայտարարեց, որ իր երկիրը դիւանագիտական ջանքեր կը թափէ Իրանի մէջ գրաւուած հարաւային քորէական քարիւղատար նաւուն կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակման համար:

«Կառավարութիւնը կը ջանայ Սէուլի մէջ իրանեան դեսպանատան եւ Իրանի մէջ հարաւային քորէական դեսպանատան ճամբով ծանօթանալ քարիւղատարի գրաւման վերաբերեալ զարգացումներուն», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի այն մեկնաբանութիւններուն, թէ քարիւղատար նաւու գրաւման դրդապատճառը հարաւային քորէական դրամատան մը մէջ Իրանի Կեդրոնական դրամատան գումարներու սառեցումն է, քորէական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ.«Ներկայիս կանուխ է դրդապատճառներուն մասին խօսելու, իսկ հրատապ հարցը քարիւղատարի անձնակազմի անվտանգութեան ապահովումն է»:

Միւս կողմէ, հարաւային քորէական «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան Հարաւային Քորէայի հետ կը բանակցի Սէուլի մօտ սառեցուած իր գումարներուն շուրջ` գնելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը` նշելով, որ գոյութիւն ունի կարելիութիւն, որ իրանեան խնդրանքը ընդունուի` նկատի առնելով, որ «Քորոնա» ժահրին պատուաստը «մարդասիրական առեւտուրի ծիրին մէջ է»:

Լրատու գործակալութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ Իրան մտադիր է հարաւային քորէական դրամատուներուն մէջ իր սառեցուած հաշիւները օգտագործելով միանալ «Քովաքս» մեքանիզմին, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարութեամբ «Քորոնա» ժահրի պատուաստի գնման եւ միացեալ կերպով տարածման ծրագիր մըն է:

Հարաւային քորէական դրամատուները իրանեան կողմին առաջարկած են սառեցուած գումարները առանց ամերիկեան արգելքը ոտնահարելու Իրանին փոխանցելու ծրագիր մը, սակայն, իրանեան կողմը առաջարկին պատասխան չէ տուած:

Նշենք, որ ամերիկեան պատժամիջոցներուն հիմամբ հարաւային քորէական երկու դրամատուներու մէջ սառեցուած են իրանեան քարիւղի վաճառքէն գոյացած շուրջ 7 միլիառ տոլարի գումար մը: Իրանեան կառավարութիւնը հարաւային քորէական կառավարութենէն բուռն կերպով կը պահանջէ վերցնել այդ հաշիւներուն վրայ դրուած արգելքը:

 

Նախորդը

Վար Առնուած «Մի-24»-ի Գործով Ռուսիան Ազրպէյճանէն Իրաւաբանական Օգնութիւն Խնդրած Է

Յաջորդը

Քաթարի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Սահմաններու Բացում

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.