Միջազգային

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Նուազեցնէ  Միջին Արեւելքի Հարցով  Իր Խումբի Անդամներուն Թիւը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Նուազեցնէ Միջին Արեւելքի Հարցով Իր Խումբի Անդամներուն Թիւը

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճիմ Սալիվըն աշխատանք կը տանի բարձրացնելու անդամներուն թիւը իր աշխատանքային խումբին` անոր միացնելով ծայրագոյն արեւելքի յաւելեալ մասնագէտներ, եւ անձնակազմի վերադասաւորման ծիրին մէջ որոշած է նուազեցնել Միջին Արեւելքի հարցով խումբի անդամներուն թիւը: Օրաթերթը նշեց, որ նախագահ Պայտընի ու իր Ազգային անվտանգութեան խումբին կարծիքով` Միացեալ Նահանգներուն առջեւ ծառացած անվտանգութեան մեծագոյն մարտահրաւէրները Չինաստանի...

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Ռիատի  Եւ Ապու Տապիի Զէնքի Վաճառքը

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Ռիատի Եւ Ապու Տապիի Զէնքի Վաճառքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ժամանակաւոր արգելք կը հաստատէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն զէնքի եւ սարքերու վաճառքին. այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ: Վերջիններուս համաձայն, Պայտընի վարչակազմը որոշած է վերատեսութեան ենթարկել նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրերուն հաստատուած զէնքի վաճառքը, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ արձակազէն զէնք եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն «Էֆ-35» հալածիչներ վաճառելը:...

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ  Կոչ Ուղղած Են Լիպիայէն Ամբողջութեամբ  Դուրս Բերելու Իրենց Զօրքերը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Լիպիայէն Ամբողջութեամբ Դուրս Բերելու Իրենց Զօրքերը

Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղեն` իրենց զօրքերը ամբողջութեամբ դուրս բերելու Լիպիայէն: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա»-ն` նշելով, որ զօրքերու հեռացման համար նախապէս հաստատուած ժամկէտը անտեսուած է, եւ կողմերը այս առնչութեամբ որեւէ ձեւով չեն արձագանգած: «Մենք բոլոր արտաքին կողմերուն (ներառեալ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները) կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Լիպիոյ գերիշխանութիւնը եւ անյապաղ դադրեցնելու Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը: Ըստ հոկտեմբերին...

Փենթակոն. «Վերատեսութեան Կ՛ենթարկենք  Աֆղանիստանէն Մեր Ուժերը Հեռացնելու  Եւ Գերմանիոյ Մէջ Մեր Ռազմակայանները  Փակելու Որոշումները

Փենթակոն. «Վերատեսութեան Կ՛ենթարկենք Աֆղանիստանէն Մեր Ուժերը Հեռացնելու Եւ Գերմանիոյ Մէջ Մեր Ռազմակայանները Փակելու Որոշումները

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը նշեց. «Վերատեսութեան կ՛ենթարկուին շարք մը որոշումներ, զորս տուած էր նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը, մասնաւորաբար Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը եւ Գերմանիոյ մէջ զինուորական ռազմակայաններուն փակումը»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին նախապէս շնորհակալութիւն յայտնած էր Գերմանիոյ` ամերիկեան ուժերը իր հողերուն վրայ հիւրընկալելուն համար:

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի  Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ  Կարեւորագոյնն Են»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ Կարեւորագոյնն Են» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Ուաշինկթըն Կը Փափաքի Գործակցիլ Իր «Հնագոյն Դաշնակից» Փարիզի Հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ իր գերմանացի, բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներ Հայքօ Մաասի, Տոմինիք Ռաապի եւ Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Մաաս յայտնեց, որ Պլինքընի հետ համաձայնած է սերտօրէն գործակցիլ շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպէս` Չինաստանի համաշխարհային դերակատարութիւնը, Իրանի հիւլէական ծրագիրը` Գործակցութեան միացեալ համապարփակ ծրագիրը, ԱՖղանիստանի...

«Արցախի Հարցով Աշխատանքային Խումբը  Պիտի Քննարկէ Փոխադրամիջոցային  Ենթակառոյցներու Հարցերը»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

«Արցախի Հարցով Աշխատանքային Խումբը Պիտի Քննարկէ Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցներու Հարցերը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբը 30 յունուարին պիտի քննարկէ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու վերականգնման խնդիրները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք: «Քննարկման նիւթերը սահմանուած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի որդեգրած յայտարարութեան մէջ: Նախ` պիտի քննարկենք փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու զարգացման եւ վերականգնման խնդիրները», ըսած է ան:...

Պլինքըն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուաշինկթընէն  Առաջ Վերադառնալու Հիւլէական  Համաձայնագիրին Նկատմամբ Յանձնառութեան

Պլինքըն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուաշինկթընէն Առաջ Վերադառնալու Հիւլէական Համաձայնագիրին Նկատմամբ Յանձնառութեան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իրանին կոչ ուղղեց` Ուաշինկթընէն առաջ վերադառնալու հիւլէական համաձայնագիրի` Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրին նկատմամբ յանձնառութեան: Պլինքըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութիւնը այն է, որ «եթէ Իրան ամբողջովին վերականգնէ Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները, ապա Միացեալ Նահանգներ նոյն բանը պիտի կատարեն»: «Եթէ Իրան վերստին յանձնառու դառնայ համաձայնութեան,...

«Պէտք Է Դիմակայենք Ռուսիոյ Յարձակողական  Գործողութիւնները, Չինաստանի Վերելքին Առնչուած  Վտանգները, ՏԱՀԵՇ-ը Եւ Համացանցային Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Պէտք Է Դիմակայենք Ռուսիոյ Յարձակողական Գործողութիւնները, Չինաստանի Վերելքին Առնչուած Վտանգները, ՏԱՀԵՇ-ը Եւ Համացանցային Յարձակումները» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է շարք մը հարցերու, ներառեալ Չինաստանի վերելքին առնչուած վտանգները, հաւանական ահաբեկչութիւններու նիւթը, ՕԹԱՆ-ի ջանքերն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ «Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւնները»: ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Փարիզի քաղաքագիտութեան հիմնարկի երիտասարդներու եւ ղեկավարներու միջազգային վեհաժողովին ընթացքին: «Մենք պէտք է յաղթահարենք մեծաթիւ սպառնալիքներ շարք մը ուղղութիւններէ` ցամաքէն, ծովէն,...

«Պաքուի Եւ Երեւանի Համապատասխան Ջանքերէն  Եւ Այլ Երկիրներու Օգնութենէն Բացի, Օգտակար  Կը Նկատենք Միջազգային Իրաւասու Կառոյցներու Միացումը»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Պաքուի Եւ Երեւանի Համապատասխան Ջանքերէն Եւ Այլ Երկիրներու Օգնութենէն Բացի, Օգտակար Կը Նկատենք Միջազգային Իրաւասու Կառոյցներու Միացումը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան կայունացման` ընդգծելով մարդասիրական ծրագիրներու գործադրութեան առաջնահերթութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան կանոնաւոր կայունացման հասնելու առումով առաջնակարգ տեղի վրայ է վնասուածներուն եւ կարիքաւորներուն համալիր մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրը: Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ ալ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու, նախ եւ...

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Գործարքի  Կատարման Վերադառնալու  Միւսներէն «Մէկ Ժամ» Ետք»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Գործարքի Կատարման Վերադառնալու Միւսներէն «Մէկ Ժամ» Ետք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Թեհրան պատրաստ է հիւլէական գործարքի կատարման վերադառնալու «մէկ ժամ» ետք, սակայն սկիզբը ատիկա պէտք է ընեն միւսները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին: «Մենք միշտ ըսած ենք` վերադարձէք ձեր պարտաւորութիւններուն, արդէն մէկ ժամ ետք մենք պիտի վերադառնանք մեր բոլոր պարտաւորութիւններուն», իրանեան պատկերասփիւռէն ցուցադրուած Իրանի կառավարութեան նիստի ընթացքին ըսած է Ռուհանի: Յիշեցնենք, որ 2015...

Փութին-Պայտըն Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Փութին-Պայտըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Փութին շնորհաւորած է Պայտընը` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: «Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի համապատասխանէ երկու երկիրներու եւ ամբողջ միջազգային ընտանիքի շահերուն` հաշուի առնելով...

Արցախի Մէջ Խաղաղութեան Վերահսկողութեան  Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Պիտի Սկսի Իր Աշխատանքին

Արցախի Մէջ Խաղաղութեան Վերահսկողութեան Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Պիտի Սկսի Իր Աշխատանքին

Ռուս զինուորները կը պատրաստուին աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնին մէջ, որ պիտի տեղակայուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ զանգուածային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքը: Կը նշուի, որ ռուս զինուորները, որոնք պէտք է կեդրոնի կազմին մէջ ըլլան, պատրաստութեան կ՛ենթարկուին զինադադարի դրութեան...

Ամերիկեան Դիւանագիտութիւնը  Պիտի Աշխուժացնենք`  Ամրապնդելու Համար Աշխարհի Վրայ  Մեր Շահերն Ու Արժէքները»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

Ամերիկեան Դիւանագիտութիւնը Պիտի Աշխուժացնենք` Ամրապնդելու Համար Աշխարհի Վրայ Մեր Շահերն Ու Արժէքները» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ իր երկիրը իւրայատուկ կարողութիւն ունի բոլոր երկիրները հաւաքելու կողք-կողքի` դիմակայելու համար անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: «Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը պիտի վերաշխուժացնենք` ամրապնդելու համար աշխարհի վրայ մեր շահերն ու արժէքները», շեշտեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: «Պիտի գործադրենք նախագահ Ճօ Պայտընի` մեր անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ամրապնդող եւ ամերիկացիներուն կամքը բաւարարող արտաքին քաղաքականութեան պատկերացումը», ըսաւ Պլինքըն: Յիշեցնենք, որ...

Լիթցենպըրկըր. «Ամերիկեան Ընկերութիւնները  Պատրաստ Են Մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի`  Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Անցած  Տարածքներու Վերականգնման Հոլովոյթին»

Լիթցենպըրկըր. «Ամերիկեան Ընկերութիւնները Պատրաստ Են Մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Անցած Տարածքներու Վերականգնման Հոլովոյթին»

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիթցենպըրկըր երկրի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապարովի հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութեան մասին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ դեսպանը ընդգծած է, որ ամերիկեան ընկերութիւնները պատրաստ են մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին: Դեսպանին համաձայն, ամերիկեան ընկերութիւնները հետաքրքրուած են ջրային պաշարներու կառավարման, ճանապարհային եւ այլ...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Փենթակոն Մտադիր Է Վերատեսութեան Ենթարկել  Աֆղանիստանի Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Զինուորներուն  Թիւը Կրճատելու Թրամփի Որոշումը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Մտադիր Է Վերատեսութեան Ենթարկել Աֆղանիստանի Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կրճատելու Թրամփի Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Լոյտ Օսթին կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորներուն թիւը նուազեցնելու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը: Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ զօրքերու թիւը վերատեսութեան ենթարկելու մասին տակաւին պաշտօնական որոշում չէ տրուած: Սակայն ան նշած է, որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կ՛ուզէ աւելի լաւ հասկնալ երկու երկիրներուն...

Եւրոպական Միութիւնը «Դրական Զարգացումներու»  Ոյսին Տակ Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Եւրոպական Միութիւնը «Դրական Զարգացումներու» Ոյսին Տակ Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին որոշած է «դրական զարգացումներու» պատճառով յետաձգել Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Մենք այսօր որոշած ենք պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ կը տեսնենք, որ կան դրական փոփոխութիւններ: Այլեւս թրքական նաւեր չկան Արեւելեան Միջերկրականի վիճայարոյց տարածքներուն մէջ. Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ նախնական բանակցութիւնները այս գիշեր...

Թեհրան. «Յաւելեալ Փրոթոքոլի Գործադրութիւնը  21 Փետրուարին Պիտի Դադրեցնենք,  Եթէ Մնացեալ Կողմերը Չյարգեն  Իրենց Յանձնառութիւնները»

Թեհրան. «Յաւելեալ Փրոթոքոլի Գործադրութիւնը 21 Փետրուարին Պիտի Դադրեցնենք, Եթէ Մնացեալ Կողմերը Չյարգեն Իրենց Յանձնառութիւնները»

Իրանեան կառավարութեան բանբերը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է առիթը օգտագործէ վստահութեան կառուցման եւ հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ իր յանձնառութիւններուն կատարման վերադառնալու համար` զգուշացնելով. «Յաւելեալ փրոթոքոլի գործադրութիւնը 21 փետրուարին պիտի դադրեցնենք, եթէ մնացեալ կողմերը չյարգեն իրենց յանձնառութիւնները»: Իրանի կառավարութիւնը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւնը ներկայիս սեղանի վրայ չէ, եւ այդ առնչութեամբ որեւէ զարգացում կախեալ է ՄԱԿ-ի թիւ 2231 բանաձեւի գործադրութենէն:

Մոսկուան Շահագրգռուած Է Թեհրանի Հետ  Ղարաբաղեան Իրավիճակին Վերաբերեալ  Երկխօսութեան Աշխուժացմամբ

Մոսկուան Շահագրգռուած Է Թեհրանի Հետ Ղարաբաղեան Իրավիճակին Վերաբերեալ Երկխօսութեան Աշխուժացմամբ

Մոսկուան եւ Թեհրանը նշած են երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը շրջանային շարք մը հարցերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ երկխօսութեան աշխուժացման մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան: «Հաշուի առնելով մեր երկիրներուն շրջանին մէջ ունեցած դերը` մենք հետաքրքրուած ենք խորացնելու երկխօսութիւնը այնպիսի...

ԵԽԽՎ-ն Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ  Անյապաղ Սկսելու Պատերազմական  Գերիներու Փոխանակումին

ԵԽԽՎ-ն Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Սկսելու Պատերազմական Գերիներու Փոխանակումին

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) կոչ ուղղած է` որքան կարելի է շուտ գործադրելու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած յայտարարութեան կէտերը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ԵԽԽՎ-ի բանաձեւին մէջ, որ որդեգրուած է հսկողութեան յանձնախումբի 2020 թուականի զեկուցումին հիման վրայ: «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ապա վեհաժողովը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ...

Չաւուշօղլուի Եւ Աքարի Հետ Սուրիոյ,  Լիպիոյ Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զարգացումները Քննարկելով`  «Անգարան Վճռականօրէն Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել Իր Ազդեցութիւնը Մեծցնելու Համար»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Չաւուշօղլուի Եւ Աքարի Հետ Սուրիոյ, Լիպիոյ Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զարգացումները Քննարկելով` «Անգարան Վճռականօրէն Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել Իր Ազդեցութիւնը Մեծցնելու Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ երեկոյեան Պոլսոյ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած երկրի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ հանդիպումին ժամանակ քննարկած է իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Ըստ թրքական աղբիւրներու, հանդիպումը տեղի ունեցած է «արտաքին քաղաքականութեան գնահատման համար», անոր ընթացքին քննարկուած են շրջանային զարգացումները, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ,...

Page 383 of 883 1 … 382 383 384 … 883

Արխիւներ