Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուաշինկթընէն Առաջ Վերադառնալու Հիւլէական Համաձայնագիրին Նկատմամբ Յանձնառութեան

Յունուար 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իրանին կոչ ուղղեց` Ուաշինկթընէն առաջ վերադառնալու հիւլէական համաձայնագիրի` Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրին նկատմամբ յանձնառութեան:

Պլինքըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութիւնը այն է, որ «եթէ Իրան ամբողջովին վերականգնէ Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները, ապա Միացեալ Նահանգներ նոյն բանը պիտի կատարեն»:

«Եթէ Իրան վերստին յանձնառու դառնայ համաձայնութեան, ապա Ուաշինկթըն պիտի աշխատի կառուցելու աւելի երկարատեւ եւ ուժեղ համաձայնութիւն մը, որ շատ դժուար այլ հարցեր կը ներառէ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Իրան շարք մը ոլորտներու մէջ դադրեցուցած է իր յանձնառութիւնը, եւ անոր վերադարձը, եթէ որոշէ ատիկա կատարել, որոշ ժամանակ պիտի առնէ, որմէ ետք մեր կողմէ անոր յանձնառութիւններու յարգումը ստուգելը որոշ ժամանակ պիտի առնէ», ըսաւ Պլինքըն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հակադարձելով Պլինքընին ըսաւ, որ ան պէտք է իմանայ, թէ Ուաշինկթընն էր, որ հիւլէական համաձայնութիւնը ոտնահարեց: «Ուաշինկթընի` հիւլէական համաձայնութիւնը խախտելն ու իրանցիներուն դէմ տնտեսական ահաբեկչութիւնը, անոր կը ստիպեն առաջին քայլը կատարել»:

Իրանի նախագահի խորհրդական Հուսամետտին Աշնա իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալու համար Թեհրանի առջեւ պայմաններ դնելը օգուտ պիտի չունենայ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Մաժիտթախթ Ռաւանժի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ Թեհրանի դէմ հաստատուած պոյքոթը վերցնելու իմաստով որեւէ ուշացում իրանցի ժողովուրդին դէմ թշնամանքի շարունակութիւն կը նշանակէ»:

«Գոյութիւն ունի բաց պատուհան մը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ վերականգնեն իրենց հաւաստիութիւնը եւ ամրապնդեն Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ պատուհանը փակուելու կը մօտենայ, «եւ եթէ ամերիկեան նոր վարչակազմը իր յանձնառութիւնները չյարգէ եւ պոյքոթը կարճ ժամանակուան մէջ չվերցնէ, ապա վերջ պիտի տայ հիւլէական համաձայնութեան հարցով հաղորդակցութեան առիթին»:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Դիմակայենք Ռուսիոյ Յարձակողական Գործողութիւնները, Չինաստանի Վերելքին Առնչուած Վտանգները, ՏԱՀԵՇ-ը Եւ Համացանցային Յարձակումները» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

«Արցախի Հարցով Աշխատանքային Խումբը Պիտի Քննարկէ Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցներու Հարցերը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?