Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը «Դրական Զարգացումներու» Ոյսին Տակ Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Յունուար 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին որոշած է «դրական զարգացումներու» պատճառով յետաձգել Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

«Մենք այսօր որոշած ենք պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ կը տեսնենք, որ կան դրական փոփոխութիւններ: Այլեւս թրքական նաւեր չկան Արեւելեան Միջերկրականի վիճայարոյց տարածքներուն մէջ. Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ նախնական բանակցութիւնները այս գիշեր սկսած են Պոլսոյ մէջ: Ասոնք բոլորը դրական ազդակներ են, որոնց մենք երկար սպասած ենք, եւ որոնք այժմ պէտք չէ ստուերուին պատժամիջոցներով», հանդիպումէն ետք ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, որ անցեալ շաբաթ այցելած էր Թուրքիա:

Բայց եւ այնպէս, Եւրոպական Միութիւնը կը պնդէ, որ Անգարան պէտք է կատարէ իր դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, իսկ դաշինքի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ըսած է, որ պատժամիջոցներու շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի:

«Քայլերու ցուցակը պատրաստ չէ: Սակայն հարցը տակաւին փակուած չէ», ըսած է ան:

Կը նշուի, որ 10 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները կազմած են պատժամիջոցներու ենթակայ թուրք պաշտօնատարներու ցուցակ: Մինչ Ֆրանսան, Յունաստանը եւ Կիպրոսը կը փորձեն կարծր դիրքորոշում ցուցաբերել Թուրքիոյ նկատմամբ, Եւրոպական Միութեան միւս երկիրները` տնտեսապէս հզօր Գերմանիոյ գլխաւորութեամբ, մինչեւ հիմա աւելի մեղմ մօտեցում ցուցաբերած են:

Թուրքիան վերջերս հաստատեց, որ ինք դաշինքին մէկ մասն է եւ իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպական Միութեան մէջ` խոստանալով շարունակել ջանքերը` լիարժէք անդամակցութեան պայմաններ ապահովելու համար: Թուրք պաշտօնատարները նաեւ նշած են, որ անհամբերութեամբ կը սպասեն յառաջընթացի 2021 թուականին եւ կ՛ակնկալեն, որ դաշինքը վճռական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ:

Նախորդը

Խմբագրական. Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Մտադիր Է Վերատեսութեան Ենթարկել Աֆղանիստանի Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կրճատելու Թրամփի Որոշումը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Ուժանիւթի Հարցերով  Փոխօգնականը Կ՛այցելէ Պաքու
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Ուժանիւթի Հարցերով Փոխօգնականը Կ՛այցելէ Պաքու

Փետրուար 3, 2023
Նշելով, Որ Մոլտովան  Պիտի Ըլլայ Յաջորդ Ուքրանիան.  Լաւրով. «Ուաշինկթըն Ուղղակի Կերպով  Մեղսակից Է «Նորտ Սթրիմ»  Խողովակաշարի Ականահարման»
Միջազգային

Նշելով, Որ Մոլտովան Պիտի Ըլլայ Յաջորդ Ուքրանիան. Լաւրով. «Ուաշինկթըն Ուղղակի Կերպով Մեղսակից Է «Նորտ Սթրիմ» Խողովակաշարի Ականահարման»

Փետրուար 3, 2023
«Թել Աւիւ Պատասխանատու Է Իսֆահանի  Յարձակումին, Եւ Իրաւունք Ունինք Հակադարձելու»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Միջազգային

«Թել Աւիւ Պատասխանատու Է Իսֆահանի Յարձակումին, Եւ Իրաւունք Ունինք Հակադարձելու» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իրանի Դեսպանը

Փետրուար 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In