Միջազգային

«Առաջնահերթութիւն Են Հորատիզ-Զանգելան,  Զանգելան-Նախիջեւան,  Նախիջեւան-Թուրքիա Երկաթուղիներու Նախագիծերը»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Առաջնահերթութիւն Են Հորատիզ-Զանգելան, Զանգելան-Նախիջեւան, Նախիջեւան-Թուրքիա Երկաթուղիներու Նախագիծերը» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման ծիրին մէջ երկաթուղային նախագիծերը Ազրպէյճանի համար առաջնահերթութիւն են: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Ներկայիս շրջանին մէջ կը քննարկուին փոխադրամիջոցի եւ կապի ոլորտին մէջ մեծ նախագիծեր: Այստեղ, ի հարկէ, գերակայ նախագիծերը Հորատիզ-Զանգելան երկաթուղիի, ապա Զանգելան-Նախիջեւան, Նախիջեւան-Թուրքիա երկաթուղիի նախագիծերն են, ինչպէս նաեւ այլ նախագիծեր», ըսած է Ալիեւ` տեսաժողովի...

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ընդունած Են Պահչելիի`  Շուշիի Մէջ Դպրոց Կառուցելու Առաջարկը

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ընդունած Են Պահչելիի` Շուշիի Մէջ Դպրոց Կառուցելու Առաջարկը

Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու համար նախ պիտի ընտրուի յարմար վայր, ապա պիտի դրուի դպրոցի հիմը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է թրքական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի: Ան նշած է, որ Շուշիի մէջ Ուզէիր Հաճիպեքովի անուան դպրոց կառուցելու առաջարկը ընդունուած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ: «Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի...

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութիւնը Կը Յայտարարէ.  «Մարդկութիւնը Տակաւին Երկար Տարիներ  Պիտի Պայքարի Համաճարակի Դէմ»

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Յայտարարէ. «Մարդկութիւնը Տակաւին Երկար Տարիներ Պիտի Պայքարի Համաճարակի Դէմ»

Մարդկութիւնը տակաւին երկար տարիներ պիտի պայքարի համաճարակին դէմ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան առողջապահութեան ոլորտին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն: «Հակառակ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին մէջ յառաջընթացին, բայց եւ այնպէս, մեծ թիւով գործօններ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ համաճարակի յաղթահարումը դիւրին պիտի չըլլայ», ըսած է Ռայըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Ան բացատրած...

Իրան Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին  Երկաթուղիի Կառուցման Պիտի Սկսի

Իրան Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Երկաթուղիի Կառուցման Պիտի Սկսի

Իրանի հիւսիսարեւմտեան Արտեպիլ նահանգի Փարսապատ շրջանին մէջ շուտով պիտի սկսի երկաթուղային անցակէտի շինարարութիւնը: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Արտեպիլի նահանգապետ Աքպար Պեհնամճու: Ան նշած է, որ այդ նախագիծին վերաբերեալ տնտեսական, առեւտրական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ ազրպէյճանական-իրանեան համագործակցութեան յանձնախումբի 14-րդ նիստին ընթացքին համաձայնագիր ստորագրուած է: Պեհնամճուի համաձայն, երկաթուղիի առաջին 25 քիլոմեթրը արդէն կառուցուած է: Նահանգապետը...

Զարիֆ Իրանի Պատրաստակամութիւնը Կը Յայտնէ  «Ազատագրուած Տարածքներու» Վերաշինութեան  Մասնակցելու. Ալիեւ Կ՛ողջունէ Իրանի Մասնակցութիւնը

Զարիֆ Իրանի Պատրաստակամութիւնը Կը Յայտնէ «Ազատագրուած Տարածքներու» Վերաշինութեան Մասնակցելու. Ալիեւ Կ՛ողջունէ Իրանի Մասնակցութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Կովկասի իր շրջագայութեան սկսած է Ազրպէյճան այցելելով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Զարիֆ Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ շրջանային համագործակցութիւնն է: «Շրջանային համագործակցութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելը երկիրներու հետ, որոնք բարեկամական եւ սերտ երկկողմանի յարաբերութիւններ ունին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, այս ուղեւորութեան...

Լաւրով Եւ Զարիֆ Այսօր Մոսկուայի Մէջ  Կը Քննարկեն Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Լաւրով Եւ Զարիֆ Այսօր Մոսկուայի Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այսօր պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: «26 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի բանակցութիւնները: Կը նախատեսուի...

Պայտըն Եւ Մաքրոն Քննարկած Են  Արտաքին Քաղաքական Ոլորտին Մէջ  Համագործակցութեան Հարցը

Պայտըն Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Արտաքին Քաղաքական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հարցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Ուաշինկթընի վարչակազմի ղեկավարը անդրատլանտեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Այս մասին կը նշուի Սպիտակ տան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: «Նախագահ Ճօ Պայտըն 24 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որպէսզի արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը: Նախագահ Պայտըն...

Ռուսիա Կը Դատապարտէ Մոսկուայի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը «Նաւալնիի  Աջակիցներուն Կազմակերպած Ցոյցերուն Աջակցելու  Եւ Ռուսիոյ Ներքին Գործերուն Միջամտելու Համար»

Ռուսիա Կը Դատապարտէ Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը «Նաւալնիի Աջակիցներուն Կազմակերպած Ցոյցերուն Աջակցելու Եւ Ռուսիոյ Ներքին Գործերուն Միջամտելու Համար»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվընի հետ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դատապարտելով ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի աջակիցներուն կազմակերպած ցոյցերուն աջակցելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան...

Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Սահմանապահ  Ուժերու Զինուորներու Միջեւ Բախում

Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Սահմանապահ Ուժերու Զինուորներու Միջեւ Բախում

Հնդկաստանի Սիքքիմ նահանգի Նաքու Լա լեռնանցքի շրջանին մէջ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի սահմանապահ ուժերու զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լէյթեսթլի» լրատու կայքը` վկայակոչելով իր աղբիւրները: Ըստ հաղորդումին, Չինաստանի Ժողովրդական-ազատագրական բանակի զինուորները փորձած են մուտք գործել հնդկական տարածք, հնդիկ զինուորները զանոնք կանգնեցուցած են: Բախումներուն պատճառով վիրաւորուած են 20 չին եւ 4 հնդիկ զինուորներ: Հնդկաստանի եւ Չինաստանի սահմանապահ...

ՆԱՍԱ-ն Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է  Երաշտի Լուրջ Սպառնալիքէ

ՆԱՍԱ-ն Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է Երաշտի Լուրջ Սպառնալիքէ

Միացեալ Նահանգներու ազգային թռիչքներու Եւ տիեզերագնացութեան վարչութիւնը` ՆԱՍԱ-ն, հրապարակած է 11 յունուար 2012-ի դրութեամբ Թուրքիոյ ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնները ցոյց տուող քարտէսը: Գործակալութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, Թուրքիոյ ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնները ընդունուած չափէն ցած են: 2020-ի վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ անձրեւները սովորականէն նուազ եղած են, ինչ որ իր կարգին յանգեցուցած է ջրամբարներու պաշարներու նուազման: Իբրեւ հետեւանք, ըստ ՆԱՍԱ-ի, Թուրքիան երաշտի լուրջ վտանգի...

«Ռուսիոյ Դիրքերուն Թուլացումը  Պիտի Յանգեցնէ Անկանխատեսելիութեան»  Կ՛ըսէ Էսթոնիոյ Նախագահը

«Ռուսիոյ Դիրքերուն Թուլացումը Պիտի Յանգեցնէ Անկանխատեսելիութեան» Կ՛ըսէ Էսթոնիոյ Նախագահը

Էսթոնիոյ նախագահ Քերսթի Քալիուլայտ «Էմ.Թի.Վի. Ուութիսեթ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիան շուտով չի կրնար ազդել աշխարհակարգին վրայ: Ըստ Քալիուլայտի, Ռուսիոյ իշխանութիւնները տեղեակ են այդ մասին, ուստի անոնցմէ որեւէ սպառնալիք կարելի է ակնկալել, սակայն ան չի կրնար ըսել, թէ Պալթեան երկիրներն ու Ֆինլանտան յստակ ինչի պէտք է պատրաստուին: Այս հարցազրոյցին անդրադարձած է ռուսական «Ինոսմի» կայքը: Էսթոնիոյ նախագահին կարծիքով` իբրեւ...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Որոշեցին  Թել Աւիւի Մէջ Դեսպանատուն Բանալ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Որոշեցին Թել Աւիւի Մէջ Դեսպանատուն Բանալ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները որոշեցին Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Որոշումը որդեգրուեցաւ 2021-ին նախարարաց խորհուրդի առաջին ժողովի ընթացքին, որ գումարուեցաւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի գլխաւորութեամբ: Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը երէկ որոշեց Մարոքի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնել: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իսրայէլեան դեսպանատան բացումը...

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Զարիֆի Ազրպէյճան,  Ռուսիա, Հայաստան Եւ Վրաստան Շրջապտոյտը

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Զարիֆի Ազրպէյճան, Ռուսիա, Հայաստան Եւ Վրաստան Շրջապտոյտը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ այսօր պիտի մեկնի Թուրքիա, Ռուսիա եւ անդրկովկասեան երեք երկիրներ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէն մէջբերելով կը հաղորդէ, որ Զարիֆի գլխաւորած պատուիրակութեան` քաղաքական եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն առչնուող խորհրդակցութիւններուն նուիրուած շրջագայութիւնը պիտի սկսի երկուշաբթի օր: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Թուրքիայէն բացի պիտի այցելէ նաեւ Ազրպէյճան, Ռուսիա,...

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի  Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

«Ռուսիոյ Մէջ Արմատական Տարրեր Գործի Լծելու Ամերիկեան Դիւանագիտութեան Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողութեան» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ արմատական տարրեր գործի լծելու ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան ու բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան վրայ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ղեկավարութեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ...

Պլինքըն Կ՛ուզէ Ամրապնդել Յունաստանի Հետ  Անվտանգութեան Կապն Ու Յունաստանի, Կիպրոսի  Եւ Իսրայէլի Հետ Եռակողմ Գործընկերութիւնը

Պլինքըն Կ՛ուզէ Ամրապնդել Յունաստանի Հետ Անվտանգութեան Կապն Ու Յունաստանի, Կիպրոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Եռակողմ Գործընկերութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածու Էնթընի Պլինքըն փափաք յայտնած է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Յունաստանի միջեւ անվտանգութեան կապն առաւել եւս ամրապնդելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը: Արձագանգելով ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեսի գրաւոր հարցումին` թեկնածուն Միացեալ Նահանգներ-Յունաստան յարաբերութիւնները բնութագրած է իբրեւ կարեւոր քայլ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Ուաշինկթընի շահերուն համար եւ դրականօրէն խօսած է Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ եռակողմանի գործընկերութեան...

Իրան Սէուտական Արաբիան  Կը Հրաւիրէ Երկխօսութեան

Իրան Սէուտական Արաբիան Կը Հրաւիրէ Երկխօսութեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մօտ Իրանի նկատմամբ երեւակայածին մտավախութիւններ գոյութիւն ունին` յայտնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է «այդ մտավախութիւններուն շուրջ երկխօսութիւն կատարելու»: Ան ըսաւ, որ Իրանը առաջինը պիտի ըլլայ, որ պիտի ողջունէ սէուտական քաղաքականութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն մը: «Եթէ Ռիատ գիտակցի, որ շրջանին մէջ խնդիրներու լուծումը շրջանային համագործակցութեան ճամբով կ՛ըլլայ, Թեհրան զայն առաջինը...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Թրամփի  Պաշտօնազրկման Հոլովոյթը Կը Սկսի 8 Փետրուարին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Թրամփի Պաշտօնազրկման Հոլովոյթը Կը Սկսի 8 Փետրուարին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ երկրի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման հոլովոյթը պիտի սկսի 8 փետրուարին: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը 14 յունուարին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած էր օրին գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ դեմոկրատականներուն ներկայացուցած բանաձեւը: Ինչպէս «Սի.Էն.Էն.»...

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Համաձայնութեան  Վերաբերեալ Իր Բոլոր Պարտաւորութիւնները  Կատարելու Այն Ատեն Միայն, Երբ  Միացեալ Նահանգներ Վերցնեն Պատժամիջոցները»  Կ՛ըսէ Արաքժի

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Իր Բոլոր Պարտաւորութիւնները Կատարելու Այն Ատեն Միայն, Երբ Միացեալ Նահանգներ Վերցնեն Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Արաքժի

Իրան առայժմ չի ձգտիր ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ, որովհետեւ Թեհրանի կարծիքով` բանակցութիւնները պէտք է ընթանան 2015 թուականի հիւլէական գործարքի ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ջնջեն իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաքժի իտալական «Լաս Ռեփոպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի...

Իսրայէլեան Յարձակում` Համայի Դէմ

Իսրայէլեան Յարձակում` Համայի Դէմ

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ արշալոյսին դէմ դրին իսրայէլեան օդային յարձակումի մը, որ լիբանանեան օդային տարածքէն շղթայազերծուեցաւ: Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առին արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ առաւօտեան շուրջ ժամը 4:00-ին իսրայէլեան օդուժը լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է Համա նահանգի շրջանին մէջ թիրախներու դէմ, եւ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը անոնց դէմ դնելով...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Միաձայնութեամբ  Որդեգրեց Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Մասին  Սէուտական Նախաձեռնութեամբ Որոշումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Մասին Սէուտական Նախաձեռնութեամբ Որոշումը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ «խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթի` պաշտպանելու համար կրօնական վայրերը»: Նախագիծը ներկայացուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, որ կը ծրագրէ այդ նպատակի աջակցութեան համար միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպել: Որոշումը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «կրկնապատկելու համաշխարհային մակարդակի վրայ բոլոր մակարդակներուն վրայ հանդուրժողականութեան եւ մարդու իրաւունքներու, կրօններու եւ հաւատքներու բազմազանութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան ջատագովման իր...

Page 384 of 883 1 … 383 384 385 … 883

Արխիւներ