Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Խաղաղութեան Վերահսկողութեան Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Պիտի Սկսի Իր Աշխատանքին

January 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս զինուորները կը պատրաստուին աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնին մէջ, որ պիտի տեղակայուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ զանգուածային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքը:

Կը նշուի, որ ռուս զինուորները, որոնք պէտք է կեդրոնի կազմին մէջ ըլլան, պատրաստութեան կ՛ենթարկուին զինադադարի դրութեան հսկողութեան խնդիրներու միացեալ կատարման համար եւ կը պատրաստուին մեկնիլ Ազրպէյճան:

Պատրաստութեան ընթացքին զինուորները կ՛ուսումնասիրեն միացեալ կեդրոնի կառուցուածքը, նշանակութիւնը, խնդիրներն ու գործառոյթները, աշխատանքի կազմակերպման կարգը, ինչպէս նաեւ այն երկրի մշակոյթը, աւանդութիւններն ու առանձնայատկութիւնները, որուն տարածքին մէջ պէտք է իրենց գործունէութիւնը ծաւալեն:

Միացեալ Կեդրոնի անձնակազմը, որ համարժէքութեան հիմով ներկայացուած է ռուսական եւ թրքական կողմերէն, պիտի կատարէ կացութեան մնայուն հսկողութեան եւ կրակոցի բոլոր մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութեան առաջադրանքներ` անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնը Ազրպէյճանի տարածքին մէջ պիտի տեղակայուի 11 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ ստորագրուած յուշագիրին հիմամբ:

Միացեալ կեդրոնի սպայակոյտը կը ձեւաւորուի համարժէքութեան սկզբունքով, հրամանատարական կէտի տեսքով, ուր իւրաքանչիւր կողմէն կը ներկայացուին հաւասար թիւով ներկայացուցիչներ` իւրաքանչիւր ազգային կառոյցի ղեկավարի հետ:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Դիւանագիտութիւնը Պիտի Աշխուժացնենք` Ամրապնդելու Համար Աշխարհի Վրայ Մեր Շահերն Ու Արժէքները» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

Փութին-Պայտըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.