Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան Շահագրգռուած Է Թեհրանի Հետ Ղարաբաղեան Իրավիճակին Վերաբերեալ Երկխօսութեան Աշխուժացմամբ

Յունուար 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան եւ Թեհրանը նշած են երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը շրջանային շարք մը հարցերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ երկխօսութեան աշխուժացման մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան:

«Հաշուի առնելով մեր երկիրներուն շրջանին մէջ ունեցած դերը` մենք հետաքրքրուած ենք խորացնելու երկխօսութիւնը այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են անվտանգութիւնը Արաբական ծոցին մէջ, աֆղանական լուծման խնդիրները, եւ ի հարկէ, կարելի է քննարկել իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն ետք», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրով հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մենք յատուկ ուշադրութեամբ քննած ենք Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը` հաշուի առնելով այն ջանքերը, որոնք ձեռնարկուած են Ռուսիոյ կողմէ, որոնց շնորհիւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին կարելի եղած է հասնիլ կրակոցը ամբողջութեամբ դադրեցնելուն: Մենք նաեւ պատմեցինք այն համաձայնութիւններուն մասին, որոնք Մոսկուայի մէջ 11 յունուարին ընդունեցին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահները եւ Հայաստանի վարչապետը: Այդ համաձայնութիւններուն մէջ խօսքը կը վերաբերէր Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական, փոխադրամիջոցային եւ այլ կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ համագործակցութեան` շրջանի երկիրներուն եւ անոնց բոլոր դրացիներուն մասնակցութեամբ, ներառեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը: Եւ մենք համոզուած ենք, որ այդ աշխատանքը կ՛արտօնէ վերջնականապէս կարգաւորել կացութեան մնացած քաղաքական երեւոյթները Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ արդար հիմերով` ի շահ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն եւ, ի հարկէ, ի շահ անոնց բոլոր դրացիներուն», ըսաւ Լաւրով:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի եռեակէն, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, եթէ առարկայականօրէն նայինք, մենք առաւելագոյն հետեւողականութեամբ առաջ քշած ենք տարատեսական գաղափարներ: Մենք քանի մը տարի առաջ կարելիութիւն ունեցած ենք համաձայնութիւններու հասնելու ռուսական առաջարկներու հիման վրայ, որոնք հաւանութեան արժանացած են միւս համանախագահներուն կողմէ, ինչ որ պիտի օգնէր փրկել հարիւրաւոր եւ հազարաւոր կեանքեր թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի կողմէ: Ցաւօք սրտի ատիկա այն ժամանակ տեղի չունեցաւ», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ ներկայ պահուն ստեղծուած իրավիճակը, որուն կարելի եղած է հասնիլ Ռուսիոյ նախագահի` Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած բազմաթիւ բանակցութիւններուն հիմամբ, ձեռք բերուած է հազարաւոր կեանքերու գնով:

Զարիֆ իր կարգին հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարակարծութիւնները կը վերածուին փոխադարձ գործակցութեան եւ համագործակցութեան: «Կ՛ուզեմ շնորհաւորել նախագահ Վլատիմիր Փութինը, ինչպէս նաեւ Ռուսիան` վերջ տալու համար մեր շրջանին մէջ տիրած այդ ճգնաժամին, որ յանգեցուցած է զինուորներու, ինչպէս նաեւ քաղաքային բնակչութեան մահուան: Եւ մենք այսօր մուտք կը գործենք նոր շրջան մը, ուր մենք յոյս ունինք, որ տարակարծութիւնները կը վերածուին համագործակցութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան: Եւ մենք կրնանք, հիմնուելով շրջանային համագործակցութեան վրայ, շարժիլ դէպի համագործութեան ստեղծում եւ գտնել այն ուղիները, որոնք փակուեցան տասնամեակներ առաջ, բանալ այդ ուղիները, որպէսզի անոնք յանգեցնեն այս ամբողջ շրջանի տնտեսական յառաջընթացին», ըսաւ Զարիֆ:

Անոր համաձայն, տնտեսական համագործութիւնը կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքը: «Դուք գիտէք, որ ես կ՛իրականացնեմ շրջանային շրջագայութիւններ, կ՛այցելեմ մեր բոլոր դրացի երկիրները` Ազրպէյճան, Վրաստան, Հայաստան, եւ ես այդ նիւթով խօսած եմ իմ գործընկերներուս հետ: Շատ լաւ բանակցութիւններ եղած են», եզրափակեց Զարիֆ:

Նշենք, որ Զարիֆ այսօր պիտի այցելէ Հայաստան:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Սկսելու Պատերազմական Գերիներու Փոխանակումին

Յաջորդը

Թեհրան. «Յաւելեալ Փրոթոքոլի Գործադրութիւնը 21 Փետրուարին Պիտի Դադրեցնենք, Եթէ Մնացեալ Կողմերը Չյարգեն Իրենց Յանձնառութիւնները»

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?