Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ Կարեւորագոյնն Են» Կ՛ըսէ Պլինքըն

January 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուաշինկթըն Կը Փափաքի Գործակցիլ
Իր «Հնագոյն Դաշնակից» Փարիզի Հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ իր գերմանացի, բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներ Հայքօ Մաասի, Տոմինիք Ռաապի եւ Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ:

Մաաս յայտնեց, որ Պլինքընի հետ համաձայնած է սերտօրէն գործակցիլ շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպէս` Չինաստանի համաշխարհային դերակատարութիւնը, Իրանի հիւլէական ծրագիրը` Գործակցութեան միացեալ համապարփակ ծրագիրը, ԱՖղանիստանի եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Պլինքըն Լը Տրիանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արտայայտած է «Ֆրանսայի` մեր ամէնէն հին դաշնակիցին ու այլ գործընկերներու հետ «Քորոնա»-ի, կլիմայի եւ Չինաստանի նման մարտահրաւէրներու հարցով աշխատելու Միացեալ Նահանգներու փափաքը»:

Պլինքըն յայտնեց, որ նախկին վարչակազմին կարգ մը քայլերը վերատեսութեան կ՛ենթարկուին, եւ մասնաւորաբար ներկայիս կեդրոնացումը կը կատարուի Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վրայ: «Անսարուլլան Սանաան իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու ընթացքին թշնամական արարքներ գործեցին եւ Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումներ կատարեցին, սակայն նոյն ատեն տեսանք, որ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած արշաւը մարդասիրական յոռեգոյն աղէտի առաջնորդեց»:

Ան նշեց, որ որեւէ քայլ, որ «կ՛ուզենք որդեգրել, չենք ուզեր, որ ազդէ եմէնցի ժողովուրդի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման վրայ եւ զայն դժուարացնէ, եւ Անսարուլլայի (ահաբեկչական) պիտակաւորումը անոնցմէ մէկն է»:

Յիշեցնենք, որ նախկին վարչակազմը հուսիներու Անսարուլլա շարժումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ ներառած էր:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան յարաբերութիւնները օրէ օր աւելի թշնամական կը դառնան, սակայն ատիկա երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը չի բացառեր:

«Գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները աշխարհի վրայ, թերեւս, ամէնէն կարեւորն են: Անոնք բազմաթիւ առումներով պիտի ձեւաւորեն ապագան, որուն մէջ բոլորս պիտի ապրինք: Սակայն հետզհետէ աւելի յաճախ այդ յարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջանան որոշ թշնամական տարրեր, ներառեալ մրցակցային տարրեր, թէեւ, գոյութիւն ունին նաեւ համագործակցութեան տարրեր: Եւ համագործակցութիւնը գոյութիւն ունի այն ոլորտներուն մէջ, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն», նշած է ան:

Պլինքըն ընդգծած է, որ հասարակաց հետաքրքրութիւններու դաշտին մէջ է նաեւ կլիմայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Անցեալ շաբաթ Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ Պլինքըն յայտարարած էր, որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին օրերուն Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի նկատմամբ պիտի գործեն մեկնելով «ուժի դիրքերէ»` յենուելով դաշնակիցներու վրայ եւ մեծցնելով իրենց զինեալ ուժերը:

 

Նախորդը

«Արցախի Հարցով Աշխատանքային Խումբը Պիտի Քննարկէ Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցներու Հարցերը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

Յաջորդը

Փենթակոն. «Վերատեսութեան Կ՛ենթարկենք Աֆղանիստանէն Մեր Ուժերը Հեռացնելու Եւ Գերմանիոյ Մէջ Մեր Ռազմակայանները Փակելու Որոշումները

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.