Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Ռիատի Եւ Ապու Տապիի Զէնքի Վաճառքը

January 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ժամանակաւոր արգելք կը հաստատէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն զէնքի եւ սարքերու վաճառքին. այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ:

Վերջիններուս համաձայն, Պայտընի վարչակազմը որոշած է վերատեսութեան ենթարկել նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրերուն հաստատուած զէնքի վաճառքը, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ արձակազէն զէնք եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն «Էֆ-35» հալածիչներ վաճառելը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ո՛ր համաձայնագիրները կասեցուած են:

Նախապէս «Ռոյթըրզ»-ը, վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդած էր, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիր ստորագրած է 50 «Էֆ-35» հալածիչներ եւ 18 անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերելու մասին: Ըստ աղբիւրներուն, համաձայնագիրը ստորագրուած է 20 յունուարին, Պայտընի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն շուրջ մէկ ժամ առաջ:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որմէ կարճ ժամանակ ետք հաղորդուած է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը որոշած է սառեցնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու գործարքը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ զէնքերու մեծ գործարք մը սառեցնել` զանոնք ուսումնասիրելու համար:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Լիպիայէն Ամբողջութեամբ Դուրս Բերելու Իրենց Զօրքերը

Յաջորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Նուազեցնէ Միջին Արեւելքի Հարցով Իր Խումբի Անդամներուն Թիւը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.