Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Պայտըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յունուար 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Փութին շնորհաւորած է Պայտընը` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

«Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի համապատասխանէ երկու երկիրներու եւ ամբողջ միջազգային ընտանիքի շահերուն` հաշուի առնելով աշխարհի վրայ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման համար իրենց երկիրներու յատուկ պատասխանատուութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները համաձայնած են երկարաձգել Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման մասին համաձայնագիրը:

«Նախագահները գոհունակութիւն յայտնած են Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման մասին համաձայնագիրի երկարաձգման շուրջ պայմանաւորուածութեան հասնելու վերաբերեալ այսօր դիւանագիտական արձանագրութիւններու փոխանակման նկատմամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու մէջ, ներառեալ առեւտրատնտեսական բնագաւառը, համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Քննարկուած են նաեւ երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցեր:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը իր աղբիւրները վկայակոչելով հաղորդեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ լարուած յարաբերութիւններն ու փխրուն հաւասարակշռութիւնը:

«Մոսկուա հեռաձայնային հաղորդակցութեան հարցով մեզի դիմած է անցեալ շաբաթ: Պայտըն համաձայնած է, սակայն ուզած է նախ ատոր պատրաստուիլ իր վարչակազմին հետ, խօսած է եւրոպացի դաշնակիցներու հետ, ներառեալ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները», յայտնած է գործակալութեան աղբիւրը:

Փութինի հետ խօսելէ առաջ Պայտըն նաեւ հեռաձայնած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին` «հաւաստելու համար, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են դաշինքին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իսկ Փութինի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին Պայտըն, գործակալութեան տուեալներով, ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ «պիտի պաշտպանեն իրենք զիրենք եւ քայլերու պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի երաշխաւորեն, որ Մոսկուայի քայլերը անպատիժ պիտի չմնան»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ հարցեր արծարծած է «ամերիկեան գերատեսչութիւններու նկատմամբ Ռուսիոյ վերագրուող համացանցային յարձակումներու, Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիներու սպանութիւններու, 2020 թուականի ամերիկեան ընտրութեան միջամտութեան, ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի ենթադրեալ թունաւորման եւ ձերբակալութեան վերաբերեալ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եղած է «գործնական եւ անկեղծ, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը հարցերու»:

Փեսքով յայտնեց, որ երկու նախագահները համաձայնած են երկխօսութիւնը շարունակել` նշելով, որ Փութին Պայտընին յստակացուցած է Նաւալնիի կացութիւնը, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այդ հարցը արծարծած է, «ինչպէս նաեւ Տոնպասի մէջ կացութեան շուրջ տեսակէտներու մեծ տարբերութեան գոյութիւնը նշմարեցին»:

«Փութին եւ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին դէմ առ դէմ հանդիպումի կարելիութեան չանդրադարձան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարելի չէ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին խօսիլ` նկատի ունենալով, որ պայմանները տակաւին յարմար չեն»:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Խաղաղութեան Վերահսկողութեան Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Պիտի Սկսի Իր Աշխատանքին

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Գործարքի Կատարման Վերադառնալու Միւսներէն «Մէկ Ժամ» Ետք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?