«Ազրպէյճանն Ու Վրաստանը Սահմաններու Հարցին Մէջ Հաստատուն Դիրքորոշում Ունին» Կ՛ըսէ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը
Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի Թիֆլիս կատարած այցելութեան ընթացքին վրացական կողմը Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային վիճելի տարածքներու հարցին շուրջ լրացուցիչ նիւթեր տրամադրած է: «Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիա` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան կ՛ուսումնասիրէ Վրաստանի տրամադրած նիւթերը: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ յանձնախումբի նիստը նշանակուի կարելի եղածին չափ շուտ: Ինչ կը...



















