Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միանմարի Մէջ Զինուորները Ձերբակալած Են Իշխող Կուսակցութեան Ղեկավարն Ու Երկրի Նախագահը

Փետրուար 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միանմարի մէջ զինուորականները ձերբակալած են երկրի նախագահ Վին Մյինթին եւ իշխող «Ժողովրդավարութեան ազգային լիկա» կուսակցութեան ղեկավար Անկ Սան Սու Չին, որ նաեւ երկրի վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Միօ Նյինթին:

«Կ՛ուզեմ մեր քաղաքացիներուն ըսել, թէ պէտք չէ տաքարիւնութիւն դրսեւորել: Ես կ՛ուզեմ, որ անոնք գործեն օրէնքի ծիրին մէջ», ըսած է ան:

Նյինթի տեղեկութիւններով` կուսակցութեան այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւս ձերբակալուած են: Անոր համաձայն, կ՛ակնկալուի, որ շուտով զինք ալ ձերբակալեն: Կուսակցութեան մամլոյ քարտուղարը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Անկ Սան Սու Չին ձերբակալուած է Միանմարի զինուորներուն կողմէ:

«Մենք տեղեկութիւններ ունինք, որ զինք կը պահեն Միանմարի մայրաքաղաք Նայփյիտոյի մէջ, կը կարծենք` բանակը կը գտնուի պետական յեղաշրջման կազմակերպման հոլովոյթի մէջ», ըսած է ան:

Նախապէս «Իրրաուատտի» թերթը յայտնած էր, որ Միանմարի կառավարութեան եւ զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներու հանդիպումը, որ ուղղուած էր ընթացիկ քաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման, անյաջողութեամբ աւարտած է: Օրաթերթի տուեալներով` զինուորականները դէմ են խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ չէին բացառած պետական յեղաշրջումը` պահանջելով հետաքննութիւն կատարել քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ, որոնք, իրենց կարծիքով, կեղծուած են:

8 նոյեմբեր 2020-ին Միանմարի մէջ տեղի ունեցած էին խորհրդարանական ընտրութիւններ: Յաղթանակ արձանագրած էր իշխող կուսակցութիւնը` Անկ Սան Սու Չիի ղեկավարութեամբ: Զինուորներու աջակցութիւնը վայելող Համերաշխութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը երկրին խորհրդարանին մէջ ստացած էր նուազագոյն աթոռները:

Նշենք, որ Անկ Սան Սու Չի երէկ ժողովուրդին կոչ ուղղեց յեղաշրջումն ու զինուորական բռնատիրութեան վերադարձը չընդունելու:

Սպիտակ տան բանբեր Ճին Փսաքի պահանջեց ազատ արձակել բանակին կողմէ ձերբակալուած ղեկավարները, ներառեալ վարչապետ Անկ Սան Սու Չին` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ են վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքը փոխելու փորձի կամ Միանմարի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութեան որեւէ արգելակումի, «եւ քայլեր պիտի որդեգրենք, եթէ ձերբակալութիւններէն ետդարձ չարձանագրուի»:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես բուռն կերպով դատապարտեց Միանմարի վարչապետին եւ այլ քաղաքական ղեկավարներու ձերբակալութիւնը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց երկրին մէջ բոլոր իշխանութիւններուն բանակին փոխանցումին առնչութեամբ:

«Միանմարի մէջ արձանագրուած զարգացումները վտանգաւոր հարուած են ժողովրդավարական բարեփոխումներուն», ըսաւ ան:

Նախորդը

«Քաթարեան Կողմը Տակաւին Ալայի Համաձայնութեան Իր Յանձնառութեան Գործադրութեան Մէջ Լրջութիւն Չցուցաբերեց» Կ՛ըսէ Պահրէյնցի Պաշտօնատար Մը

Յաջորդը

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Նեթանիահուն Որոշեց Ծոցի Երկիրներ Իր Այցելութիւնը 3 Օրէն 3 Ժամու Կրճատել

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?