Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Կը Համագործակցին Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Փետրուար 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ կը համագործակցին Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ եւ Լիպիոյ հարցերով, ինչպէս նաեւ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման շուրջ, եւ կ՛ուզեն երկխօսութիւնը շարունակել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվըն:

Անոր համաձայն, ինք եւ Մոսկուայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը վերջերս ներկայ գտնուած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ ասուլիսին:

«Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան կը հանդիսանան Մինսքի խմբակի համանախագահներ, եւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեզ տեղեկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ տագնապի աւարտի մասին: Ասիկա յաւելեալ օրինակ մըն է այն ոլորտին, ուր Միացեալ Նահանգները կը համագործակցին Ռուսիոյ կառավարութեան եւ այս պարագային նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան հետ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել այս հարցերուն շուրջ մեր համագործակցութիւնը», ըսած է Սալիվըն:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կը համագործակցին նաեւ Լիպիոյ հարցին մէջ` խոստովանելով, որ կան բազմաթիւ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ, որոնց շուրջ իրենք ունին տարակարծութիւններ, օրինակ` Ուքրանիոյ հարցը, սակայն կը շարունակուի երկու տէրութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին. Նեթանիահու Այս Ամսուան Կիսուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Նախիջեւան

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?