Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ շրջան կատարած այցելութիւններուն ծիրին մէջ նաեւ շաբաթ օր այցելած է Նախիջեւան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Զարիֆի համաձայն, այցելութեան նպատակը արցախեան պատերազմէն ետք Նախիջեւանի շրջանային համագործակցութեան եւ տարանցիկ կարելիութիւններու շուրջ բանակցութիւններու կատարումն է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. «Շրջանին մէջ մեծ կարելիութիւններ ստեղծուած են դրացի պետութիւններու համագործակցութեան համար, ինչ որ կրնայ հիմք դնել կայուն խաղաղութեան համար»:
Նշենք, որ Զարիֆ շրջան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին այցելած էր Ազրպէյճան, Ռուսիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Թուրքիա: