Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Կարս նահանգին մէջ ընթացք առած է թրքական եւ ազրպէյճանական ուժերու մասնակցութեամբ ձմեռնային ռազմափորձը:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ռազմափորձը կը շարունակուի մինչեւ 12 փետրուար, եւ թրքական ուժերը ռազմափորձին պատրաստութեան ծիրին մէջ հրասանդերէ ռումբեր արձակած են: