Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ծրագրենք 3+3 Ձեւաչափով Համագործակցութիւն. Հայաստանէն Կառուցողական Քայլեր Կ՛ակնկալենք Այս Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յունուար 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը նախատեսեն ընդլայնել համագործակցութիւնը արցախեան տագնապի լուծման շուրջ մինչեւ «3+3» ձեւաչափ: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պոլսոյ մէջ իր իրանցի գործընկերոջ` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Մենք պէտք է խթանենք զինադադարի դրութիւնը: Այսպիսով, մենք կը նախատեսենք այս ճանապարհին համագործակցիլ «3+3» (Ռուսիա, Ազրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Վրաստան, Թուրքիա) ձեւաչափով», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Չաւուշօղլու նաեւ նշած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ կայունացման պարզ ցանկութիւնը բաւարար չէ, եւ համագործակցութեան ընդլայնման միջոցով անհրաժեշտ է հասնել կայուն զինադադարի»:

«Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը բխին բոլորին շահերէն: Ատիկա առաւելագոյնս ձեռնտու պիտի ըլլայ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին: Հետեւաբար, մենք Հայաստանէն կառուցողական քայլեր կ՛ակնկալենք այս ուղղութեամբ», աւելցուցած է ան:

Չաւուշօղլու յիշեցուցած է, որ Զարիֆ Թուրքիա հասնելէ առաջ այցելած էր Ազրպէյճան, Ռուսիա, Հայաստան եւ Վրաստան, ուր քննարկած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրները: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վերլուծած են այդ հաղորդակցութիւններու արդիւնքները:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է. «Մենք այսօրուընէ սկսած ենք պատրաստուիլ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու ու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպումներուն»:

Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը վերադառնան հիւլէական համաձայնագիրին եւ կը վերցնեն «եղբայրական Իրանի» շրջափակման քայլերը:

Ան նշած է, որ Զարիֆի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններն ու սուրիական հարցը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնած է. «Մենք Էրտողանը Իրանի մէջ կը սպասենք: Յոյսով եմ` շուտով պիտի կողմնորոշուինք թէ՛ բարձրագոյն մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստի գումարման օրուան, թէ՛ ալ Ասթանայի հոլովոյթի (Սուրիոյ հարցով) երաշխաւոր երկիրներու (Իրան, Թուրքիա եւ Ռուսիա) նախագահներու հանդիպումի հարցին մէջ»:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ շրջանային համագործակցութեան հարթակ կը ստեղծուի Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ` աւելցնելով, որ ինք լաւատեսօրէն կը նայի այդ գաղափարին:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Զարիֆ ըսած է, թէ իր երկիրը պիտի չընդունի պատժամիջոցները ջնջելէ առաջ իր հիւլէական ծրագիրը արագացնելէն հրաժարելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը, եւ Ուաշինկթընը ամբաստանած է տնտեսական ահաբեկչութիւն ու միակողմանի պատժամիջոցներով տնտեսական պատերազմ շղթայազերծելու յանցանքով:

Ան նաեւ դատապարտած է Թուրքիոյ դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները: «Այս դժուար օրերուն մէջ մենք եւ Թուրքիան կը գնահատենք մեր` իրարու կողքին կանգնիլը», ըսաւ Զարիֆ` աւելցնելով. «Կը շարունակենք սուրիական տագնապին վերջ տալու Ասթանայի հոլովոյթը»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Պոլսոյ Վահտեթին պալատին մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Բանակցութիւններուն ներկայ եղած է նաեւ Չաւուշօղլու:

«Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութիւնը Կենսական
Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Շրջանային հարցերու շուրջ թուրք-իրանեան համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի: Այս մասին Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ` Անգարա իր այցելութեան նախօրեակին:

«Մեր յարաբերութիւնները կը պահանջեն մնայուն խորհրդակցութիւն, որովհետեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային համագործակցութիւնը կարեւոր են», ըսած է Զարիֆ:

Ան ընդգծած է, որ Թեհրան մեծ նշանակութիւն կու տայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Իրանցի նախարարին համաձայն, Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի եւ շրջանային խնդիրներ, ներառեալ տարանցիկ ուղիներու ստեղծումը եւ Կովկասի շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը:

«Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է, որ համագործակցութեան միջոցով նախադրեալներ ստեղծուին ատոր համար», շեշտած է ան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վեցակողմ համագործակցութեան հարթակի ձեւաւորման. «Այս մեքանիզմը աւելի առաջ յիշատակուած էր Էրտողանի եւ շրջանի այլ երկիրներու կողմէ: Ես քանի մը բանակցութիւններ ունեցած եմ այս նիւթին շուրջ: Ես անոնց արդիւնքները պիտի ներկայացնեմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որովհետեւ ասիկա կարեւոր խնդիր է, մասնաւորաբար` տարանցիկ ուղիներու առնչուած համագործակցութեան մակարդակին վրայ»:

 

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Նուազեցնէ Միջին Արեւելքի Հարցով Իր Խումբի Անդամներուն Թիւը

Յաջորդը

«Վրաց-Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմավարական Համագործակցութիւնը Կը Գտնուի Բարձր Մակարդակի Վրայ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վրաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?