Միջազգային

Լիպիոյ Վերաքննիչ Դատարանը Չեղեալ  Նկատած Է Թուրքիոյ Հետ Ստորագրուած`  Յունաստանի Ծովային Գերիշխանութեան  Իրաւունքներուն Սպառնացող Համաձայնագիրը

Լիպիոյ Վերաքննիչ Դատարանը Չեղեալ Նկատած Է Թուրքիոյ Հետ Ստորագրուած` Յունաստանի Ծովային Գերիշխանութեան Իրաւունքներուն Սպառնացող Համաձայնագիրը

Լիպիոյ խորհրդարանը յայտարարած է, որ Պայտայի վերաքննիչ դատարանը չեղեալ նկատած է այն յուշագիրը, որ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տեղակայուած Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը ստորագրած է Թուրքիոյ հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը: Լրատու աղբիւրը կը նշէ, որ յուշագիրին նպատակը եղած է գողնալ Յունաստանի ծովային գերիշխանութեան իրաւունքները: Թրիփոլիի մէջ իշխող Իսլամ եղբայրներու ազգային համաձայնութեան կառավարութեան տրուած էր Լիպիան ղեկավարելու լիազօրութիւն,...

Կիպրոսի Թուրքերու Ղեկավարը  Կը Դիմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին

Կիպրոսի Թուրքերու Ղեկավարը Կը Դիմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին

«Երկու Կիպրական Պետութիւններու Ճանաչման Անհրաժեշտութիւն Կայ»   Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յայտնած է, որ բաժնուած կղզիի խնդիրի լուծման կարելի է հասնիլ միայն թուրք-կիպրական եւ յոյն-կիպրական կողմերու հաւասարութեան եւ կղզիին վրայ երկու պետութիւններու գոյութեան փաստի ճանաչման պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Արդար, իրատեսական եւ կայուն փոխզիջումը պէտք է հիմնուած ըլլայ...

Խօսելով Քոնկրեսի Շէնքին Դէմ  Յարձակումին Մասին`  «Այսուհետեւ Դժուար Պիտի Ըլլայ Միացեալ Նահանգները  Իբրեւ Ժողովրդավարութեան Խորհրդանիշ Ընդունիլը»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Նախագահը

Խօսելով Քոնկրեսի Շէնքին Դէմ Յարձակումին Մասին` «Այսուհետեւ Դժուար Պիտի Ըլլայ Միացեալ Նահանգները Իբրեւ Ժողովրդավարութեան Խորհրդանիշ Ընդունիլը» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Նախագահը

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի նշած է, որ յունուարի սկիզբը Քափիթոլ Հիլի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններէն ետք աշխարհը կը դժուարանայ Միացեալ Նահանգները ընկալել իբրեւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Կը կարծեմ, որ ատիկա ուժեղ հարուած էր Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան: Մենք սովոր ենք մտածել, որ Միացեալ Նահանգներն ունին ժողովրդավարական իտէալական հաստատութիւններ, ուր իշխանութիւնը մէկ նախագահէն միւսին կը...

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Միանալու Ականներու  Վերաբերեալ Օթաուայի Ուխտին

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Միանալու Ականներու Վերաբերեալ Օթաուայի Ուխտին

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կորս Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղած է միանալու հակահետեւակային ականներու օգտագործումը, կուտակումը, արտադրութիւնն ու տեղափոխումը արգիլող, ինչպէս նաեւ անոնց ոչնչացման մասին Օթաուայի ուխտին: Դեսպանը այս մասին գրած է «Թուիթըր»¬ի վրայ: «Քանի որ պատերազմը աւարտած է եւ ականազերծման շատ աշխատանքներ սկսած են, լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը միանային Օթաուայի ուխտին», գրած է դիւանագէտը եւ...

Էրտողանի Բանբերը Եւ Պայտընի Խորհրդականը  Քննարկած Են Արցախեան Խնդիրը

Էրտողանի Բանբերը Եւ Պայտընի Խորհրդականը Քննարկած Են Արցախեան Խնդիրը

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Կողմերը քննարկած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի շրջանի, Կիպրոսի, ԱՖղանիստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, համաճարակի եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը: Քալըն եւ Սալիվըն ցանկութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն...

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը  Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի իշխանութեան գալէն ետք Միացեալ Նահանգներ տակաւին որեւէ հաղորդակցութիւն չեն ունեցած Իրանի հետ: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` յստակացնելով, որ երկիրներու միջեւ որեւէ հաղորդակցութիւն դժուար թէ տեղի ունենայ նախքան Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցութիւնը: Բացի ատկէ, բանբերը բացատրեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են...

Ռուհանի Միջին Արեւելքի Մէջ Բնական Կազի  Մեծագոյն Զտարանին Բացումը Յայտարարեց

Ռուհանի. «Հիւլէական Համաձայնագիրէն Ոչ Իսկ Կէտ Մը Պիտի Փոխուի Եւ Ոչ Մէկ Նոր Տարր Անոր Վրայ Պիտի Աւելնայ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց. «Եթէ ամերիկացիները վերադառնան հիւլէական համաձայնագիրին, անմիջապէս պիտի վերադառնանք մեր պարտաւորութիւններու կատարման եւ բարի կամեցողութեան նոյնպէս` քայլին քայլով եւ պարտաւորութիւններու վերադարձին մեր պարտաւորութիւններու վերադարձով պիտի պատասխանենք»: «Հիւլէական համաձայնութիւնը արդիւնքն է շարք մը բանակցութիւններու եւ փոփոխութեան չի տոկար, եւ ան, որ զայն կ՛ուզէ, պէտք է զայն եղածին պէս ընդունի», ըսաւ Իրանի նախագահը: «Բոլորը թող իմանան, որ հիւլէական...

ՊԱԿ-ի Գործադիր Կոմիտէն Որոշեց Իսրայէլեան Բնակեցման Հարցով Դիմել Միջազգային Քրէական Դատարանին

«Իրանի Դէմ Ուաշինկթընի Պատժամիջոցները Կը Խախտեն Երկու Երկիրներուն Միջեւ Բարեկամութեան Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Միջազգային Քրէական Դատարանը

Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները կը խախտեն Միացեալ Նահանգներու` 1955-ին երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան համաձայնութիւնը, եւ որոշեց, որ այդ համաձայնութեան վրայ հիմնուելով իրաւասութիւն ունի ամերիկեան պատժամիջոցները ջնջելու Իրանի դիմումը քննելու: Դատարանը նշեց, որ միաձայնութեամբ մերժած է ամերիկեան առարկութիւնները, թէ իրաւասու չէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ տարակարծութիւնները քննելու` շեշտելով, որ լիազօրուած է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու...

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է «Գորշ Գայլեր»  Ահաբեկչական Կազմակերպութեան  Ղեկավարութեան Հետ

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է «Գորշ Գայլեր» Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Ղեկավարութեան Հետ

  Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2 փետրուարին հանդիպում ունեցած է թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական ազգայնական խմբաւորման ղեկավարներէն Ահմեթ Եիղիթ Եըլտըրըմի եւ կազմակերպութեան քաղաքական թեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելիի տեղակալ Մեւլութ Քարաքայայի հետ: Թրքական ֆաշական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան անդամները անգամ մը եւս յայտարարած են հայկական Շուշի քաղաքին մէջ դպրոց կառուցելու նախաձեռնութեան մասին: Անոնք նշած են, որ այդ առնչութեամբ արդէն...

Ալեխանտրօ Մայորքաս` Միացեալ Նահանգներու  Ծագումով Հարաւային Ամերիկացի  Առաջին Ներքին Գործոց Նախարարը

Ալեխանտրօ Մայորքաս` Միացեալ Նահանգներու Ծագումով Հարաւային Ամերիկացի Առաջին Ներքին Գործոց Նախարարը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաստատեց Քուպայի մէջ ծնած Ալեխանտրօ Մայորքասը Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ: Այսպիսով, ան դարձաւ երկրին պատմութեան մէջ առաջին հարաւային ամերիկացին ու ներգաղթեալը, որ կը ստանձնէ ներգաղթի եւ սահմաններու հարցերուն վերահսկող այս նախարարութեան ղեկավարութիւնը: 61 տարեկան Մայորքաս նախկին փաստաբան մըն է, որ նորածին եղած ատեն իր գաղթական ծնողքին հետ հասած է Միացեալ Նահանգներ: Ան նախապէս` նախկին...

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է  Իրանի Սահմանին Մօտ Իրաքեան Գիւղին

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրանի Սահմանին Մօտ Իրաքեան Գիւղին

Թրքական ռմբաձիգներ երեքշաբթի օր օդային հարուածներ հասցուցած են Իրաքի Սուլէյմանիէ նահանգի Փիշտար շրջանի Շենէ գիւղին, որ կը գտնուի Իրանի հետ սահմանին մօտ: Փիշտար շրջանի ղեկավար Պաքր Պայիզ քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ տուներ վնասուած են, սակայն վիրաւորներ չկան:

Բրիտանիան Մերժած Է Թուրքիոյ  Օդանաւակիր Վաճառել

Բրիտանիան Մերժած Է Թուրքիոյ Օդանաւակիր Վաճառել

Անցեալ տարի Թուրքիան բանակցութիւններ կը վարէր Բրիտանիոյ հետ` օդանաւակիր գնելու համար, սակայն, Լոնտոն մերժած էր Թուրքիոյ առաջարկը: Ատկէ ետք Թուրքիան որոշած է ստեղծել իր սեփական օդանաւակիրը: Թրքական «Հապեր 7» պատկերասփիւռի կայանը կը մէջբերէ «Միտըլ Իսթ Այ»-ը` նշելով, որ Անգարան Լոնտոնին առաջարկած է գնել «Քուին Էլիզապեթ» դասի նոր կամ նախապէս գործածուած օդանաւակիր: Բրիտանական կողմը մերժած է Անգարայի առաջարկը` փոխարէն առաջարկելով Թուրքիոյ...

Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում  Ունեցած Է Ազրպէյճանի Դեսպանին Հետ

Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Դեսպանին Հետ

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հանդիպում ունեցած է Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ֆայիկ Կուլիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Հանդիպումի ընթացքին Ղարիպաշվիլի շնորհաւորած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու համար եւ անոր յաջողութիւն մաղթած: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Կողմերը քննարկած են նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան դրական ընթացքը: Քննարկուած...

Թուրքիա Յայտարարեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի Հարցով Միացեալ Գործողութիւններու Կեդրոնի Աշխատանքի Մեկնարկը

Աքար. «Կը Յուսամ, Որ Թրքական Կեդրոնի Օժանդակութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութիւն Եւ Ապահովութիւն Կը Տիրէ»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական հսկողութեան միացեալ կեդրոնին մէջ գործող թուրք զինուորներու հետ տեսաժողովի ընթացքին յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ «թրքական կեդրոնի օժանդակութեամբ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն տիրէ»: Աքար յուսաց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարը մնայուն դառնայ, եւ հսկողութեան միացեալ կեդրոնի օժանդակութեամբ այնտեղ կայունութիւն հաստատուի»: Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հսկողութեան...

Պիելոռուսիոյ Թեկնածուն Յոյս Ունի 2019-ի  Սկիզբը Ստանձնել ՀԱՊԿ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնը

«Սուրիացի Վարձկանները Պէտք Է Լքեն Լեռնային Ղարաբաղը» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Սուրիացի վարձկանները պէտք է հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն, ՀԱՊԿ-ի երկիրներուն մօտ անոնց գործունէութիւնը վտանգներ կը պարունակէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: «Մենք տեղեկութիւններ ունէինք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Սուրիայէն զինեալներու ներկայութեան եւ գործողութիւններուն մասին», ըսած է Զաս: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ...

Պլինքըն Ուքրանիոյ Աշխուժ Տնտեսական  Եւ Զինուորական Օգնութիւն Խոստացած Է

Պլինքըն Ուքրանիոյ Աշխուժ Տնտեսական Եւ Զինուորական Օգնութիւն Խոստացած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուքրանիոյ աշխուժ տնտեսական եւ զինուորական օգնութիւն խոստացած է: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայս: Պլինքըն համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: «Ան խոստացած է շարունակել աշխուժ տնտեսական եւ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ», նշած է Փրայս: Կողմերը քննարկած են նաեւ Խրիմի...

Աքսոյ. «Ապշած Ենք Ս. Սոֆիա Տաճարի Հարցով  Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Յայտարարութենէն»

«Քոսովոյի` Երուսաղէմի Մէջ Դեսպանատուն Անալու Խոստումը Կը Խախտէ Միջազգային Օրէնքը» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց. «Քոսովոյի` բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ դեսպանատուն բանալու խոստումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի որոշումներն ու միջազգային օրէնքները»: «Իսրայէլ եւ Քոսովօ երկուշաբթի օր համաձայնագիր ստորագրեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման շուրջ: Վերջինս խոստացաւ իր դեսպանատունը բանալ Երուսաղէմի մէջ: Այդ որոշումը պիտի չնպաստէ Պաղեստինեան դատին եւ պիտի վնասէ «երկու պետութիւն» լուծումին», նշեց Աքսոյ: Քոսովօ եւ Իսրայէլ երկուշաբթի օր իրենց...

Իտլիպի Մէջ Թրքական Հսկողութեան Կէտերը  Դարձեալ Անծանօթներու Կողմէ  Յարձակումի Կ՛ենթարկուին

Իտլիպի Մէջ Թրքական Հսկողութեան Կէտերը Դարձեալ Անծանօթներու Կողմէ Յարձակումի Կ՛ենթարկուին

Շարք մը թուրք զինուորներ երէկ վիրաւորուեցան, երբ անծանօթներ յարձակում գործեցին Հալէպ-Լաթաքիա միջազգային մայրուղիին մօտ, Իտլիպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ապու Զուպէյր գիւղին մօտ գտնուող թրքական բանակի հսկողութեան կէտի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, որ կը նշէ, թէ Իտլիպի հարաւը Արիհա քաղաքին եւ Մաուզարա գիւղին մէջ, Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի Սալաթ Զուհուր, Մահմալ, Քաֆրայա եւ Պաթպու գիւղերուն մէջ թրքական...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Իր Եւ Սուրիոյ Կառավարութեան  Միջեւ Ռուսական Միջնորդութիւնը

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Իր Եւ Սուրիոյ Կառավարութեան Միջեւ Ռուսական Միջնորդութիւնը

Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդը ողջունեց իր եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ ռուսական միջնորդութիւնը, որ «ինքնակառավարման վարչութեան կ՛արտօնէ Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ ապրող սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իր մարդասիրական պարտաւորութիւնը կատարել»: Խորհուրդը նշեց, որ հիմնական սննդեղէնի եւ մարդկային կարիքներու նիւթերը պիտի սկսին հասցուիլ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանի Շահպա շրջանին եւ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն: «Ներկայիս Գամիշլիի մէջ հարցերը...

Լաւրով ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Լուծման Գործին Մէջ Մինսքի Խմբակի Դերը

Լաւրով ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ Մինսքի Խմբակի Դերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գործին մէջ Մինսքի խմբակին դերը, ինչպէս նաեւ Մերձտնեսթրի մէջ դրական ընթացքի վերականգնման...

Page 381 of 883 1 … 380 381 382 … 883

Արխիւներ