Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տակաւին Կանուխ Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Քննարկելու» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Փետրուար 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը այժմ պէտք չէ քննարկել, այս նիւթին շուրջ քննարկումներու դաշտի որեւէ ելեկտրականացում կը յանգեցնէ հզօր ելեկտրական հոսքի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւ:

«Այսօր բոլորին համար շատ ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը իրօք չէ լուծուած, սակայն ատիկա այժմ կարելի չէ քննարկել, որովհետեւ կարգավիճակի շուրջ քննարկումներու այս դաշտի որեւէ ելեկտրականացում կը յանգեցնէ հզօր ելեկտրական հոսքի յառաջացման», ըսած է ան:

Մետվետեւ իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ այս հարցին մէջ տագնապի կողմերուն դիրքորոշումները «շատ տարբեր են, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ տակաւին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան»:

«Ես պիտի յիշեցնեմ, որ Հայաստանը չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Չես գիտեր ինչու, անոնք կը մոռնան այդ մասին, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս է: Հետեւաբար, աւելի լաւ է կարգավիճակի հարցը յետաձգել հետագային», աւելցուցած է Մետվետեւ:

«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Մետվետեւ նաեւ կոչ ուղղած է` ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ստեղծումը «երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր» չնկատելու:

«Ասիկա նոյնպէս ընդհանուր կայունացման տարր է: Սակայն ես ասիկա չէի գնահատեր իբրեւ երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր կամ դաւադրութեան տեսութիւն չէի կառուցեր», նշած է Մետվետեւ ռուս լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերը չի՞ վախցներ Ռուսիան:

Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է հաշուի առնել մեր շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրողութիւնները, իսկ անոնք այնպիսին են, որ այսօր հարցը կարելի է քննարկել նաեւ Թուրքիոյ գործընկերներուն հետ:

«Թուրքիան մեր դրացին է եւ շատ կարեւոր գործընկերը: Եւ Ազրպէյճանի համար շատ մտերիմ երկիր է: Այդ գործօնը անկարելի է անտեսել», յայտարարած է ան:

Անոր համաձայն, Մոսկուան եւ Անգարան արդիւնաւէտ երկխօսութիւն կառուցած են, երկու երկիրներու նախագահները մշտապէս կը հաղորդակցին այդ նիւթով, որոշում տրուած է գործերու ընդհանուր վիճակի վերահսկողութեան յատուկ կեդրոն ստեղծելու մասին, որուն կը մասնակցին թուրք եւ ռուս զինուորներ:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնը բացուած է 30 յունուարին` Քիյամատինլի բնակավայրի շրջանին մէջ, 11 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ ստորագրուած յուշագիրին հիմամբ:

Նախորդը

Նշելով, Որ Ուաշինկթըն Վերատեսութեան Կ՛ենթարկէ Ռիատի Հետ Իր Յարաբերութիւնները. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Հիւլէական Համաձայնագիրին Վերադառնալու, Եթէ Իրան Վերադառնայ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

Երէկ Կարսի Մէջ Ընթացք Առաւ Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձը

RelatedPosts

Հրասայլերու Մատակարարման  Խոստումը Ապահովելէ Ետք.  Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ
Միջազգային

Հրասայլերու Մատակարարման Խոստումը Ապահովելէ Ետք. Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ

Յունուար 27, 2023
«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու  Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը
Միջազգային

«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յունուար 26, 2023
«Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու  Որդեգրումը Հետզհետէ Աւելի Կը Դժուարանայ»  Կ՛ըսէ Շարլ Միշել
Միջազգային

«Յառաջիկայ 2-3 Շաբաթը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ Ուքրանիոյ Տագնապին Համար» Կ՛ըսէ Միշել

Յունուար 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In