Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղտամի Մէջ Բացուեցաւ Ռուս-Թրքական Միացեալ Հսկողութեան Կեդրոնը

Փետրուար 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Աղտամի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնի բացումը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ բացման արարողութեան մասնակցած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Եունուս Էմրէ Կարօսմանօղլու եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին:

Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ ազրպէյճանական բանակը: Կեդրոնի տեղակայման վայրի տարածքի ընդհանուր մակերեսը շուրջ 4 հեկտար է: Տարածքը ցանկապատուած է, ատոր շուրջ տեղադրուած են չորս հսկողութեան աշտարակներ:

Հսկողութեան կեդրոնի թրքական անձնակազմը կը ղեկավարէ զօր. Ապտուլլա Քաթըրճըն, ռուսական անձնակազմը` զօր. Վիքթոր Ֆելորենքոն:

Ըստ կայքին, այդ վայրին մէջ կը գտնուին 65 ծառայողական տարածքներ եւ բնակութեան համար նախատեսուած տարածքներ:

«ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ կեդրոնը աշխատանքի նպատակով պիտի օգտագործէ անօդաչու թռչող սարքեր:

«Կեդրոնը պիտի հաւաքէ, պիտի կազմէ եւ պիտի ստուգէ տեղեկութիւնը զինադադարի դրութեան պահպանման եւ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները խախտող գործողութիւններու մասին: Վերահսկողութիւնը պիտի կատարուի անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներէ ստացուած տուեալներու գնահատման միջոցով», կը նշուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ ռուս-թրքական հսկողութեան Աղտամի կեդրոնը կը գտնուի Քիամատտինլիի մէջ, որ 1994-ի շփման գիծէն դուրս է: Թրքական եւ ազրպէյճանական կողմերը կը պնդէին, որ կեդրոնը պէտք է Արցախի մէջ ըլլայ: Թրքական կողմը առաջարկած էր Աղտամի` 1994-ի շփման գիծը, իսկ ռուսական կողմը` Ազրպէյճանի մէջ այդ գիծէն հեռու գտնուող Պարտան: Քիամատտինլին կը թուի փոխզիջումային լուծումը ըլլալ` Արցախի սահմաններէն դուրս, սակայն ոչ շատ հեռու:

Փութին–Ալիեւ Քննարկում

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնով քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի դադրեցման եւ զինուորական գործողութիւններու վերահսկման ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի աշխատանքի մեկնարկը: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին կողմերը յոյս յայտնած են, որ կեդրոնին գործունէութիւնը պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան հետագայ կայունացման եւ Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններու պատշաճ պահպանման:

Բացի ատկէ, քննարկուած են ռուս-ազրպէյճանական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող որոշ հարցեր:

Էրտողան–Ալիեւ Քննարկում

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյն օրը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի գործունէութեան առնչուող հարցեր:

«Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորած է իր թուրք գործընկերը Աղտամի շրջանին մէջ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի բացման առնչութեամբ: Երկու երկիրներու ղեկավարները համոզում յայտնած են, որ կեդրոնի գործունէութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման պիտի ծառայէ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի ատկէ, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած եռակողմանի յայտարարութեան պահանջներու կատարման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ քննարկած են թրքական ընկերութիւններու` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, վերականգնողական աշխատանքներուն մասնակցութեան հարցը:

«Միեւնոյն ժամանակ կողմերը զրոյցի ընթացքին նշած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի երկուստեք աջակցութեան կարեւորութիւնը», կը նշուի Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկարատեւ Ու Կայուն Քաղաքական Լուծման Հասնելու Նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքները

Յաջորդը

Քոսովօ Կը Յայտարարէ, Որ Այսօր Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրէ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?