Էրտողան Արեւմուտքը Կը Մեղադրէ Իսլամատեացութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Ձախողելու Յանցանքով
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արեւմուտքը մեղադրած է իր տարածքին իսլամատեացութեան դէմ պայքարին մէջ երկմտելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ»-ը: «Իսլամներու սրբազան արժէքներուն վրայ կատարուող յարձակումները յամառօրէն կ՛արհամարհուին` միտքի ազատութեան քողին տակ: Միեւնոյն ժամանակ «Եւրոպական իսլամութեան», «Ֆրանսական իսլամութեան» եւ «Աւստրիական իսլամութեան» նման նախագիծերը կ՛օգտագործուին իսլամները ճնշելու համար», ըսած է Էրտողան` Դեմոկրատներու միջազգային միութեան պատուիրակութեան: Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով` այդ գործողութիւնները...




















