Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Սերպիոյ Մատնանշած Է Քոսովոն Ճանչնալու Անհրաժեշտութիւնը

Փետրուար 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Սերպիոյ պետականութեան յառաջիկայ օրուան առիթով` մատնանշելով բարեփոխումներու եւ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի շնորհաւորական ուղերձը հրապարակած է Սերպիոյ նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Ամերիկացի ժողովուրդին անունով անկեղծ շնորհաւորանքներ կը յղեմ ձեզի եւ ձեր համաքաղաքացիներուն` 15 փետրուարին Պետականութեան օրուան առիթով: Նկատի ունենալով մեր երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան 140 տարիները` Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութեան, շրջանային կայունութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու զարգացման: Մենք այսուհետեւ ալ հաստատակամ կը մնանք եւրոպական համարկման առնչութեամբ Սերպիոյ աջակցութեան հարցին մէջ եւ կ՛աջակցինք ձեզի այդ նպատակին հասնելու հետագայ ծանր քայլերուն մէջ, ներառեալ անհրաժեշտ բարեփոխումներու կատարումը եւ Քոսովոյի հետ ձեռք բերումը կարգաւորման համապարփակ համաձայնագիրի, որ կեդրոնացած է փոխադարձ ճանաչման վրայ», նշուած է Պայտընի նամակին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յիշեցուցած է Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներուն ընթացքին Ուաշինկթընի եւ Պելկրատի դաշնակից ըլլալը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան մասին` նշելով երկու երկիրներու «բարեկամական կապերու խորացումը»:

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ ի պատասխան Փանչեւէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ռազմափորձերէն ետք 7  փետրուարին լրագրողներու առջեւ խօսք արտասանելով յայտարարած է. «Քոսովոյի ճանաչման վերաբերեալ Պելկրատի դիրքորոշումը յստակ է, սակայն Պելկրատը պէտք է հոգ տանի իր պետական շահերուն եւ չյանձնուի յոյզերուն»:

«Շնորհակալ եմ Պայտընին շնորհաւորութիւններուն համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի փոխադարձ ճանաչումներուն, ապա ատիկա նշուած չէ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան հռչակագիրներուն մէջ: Մենք կը հասկնանք, որ ասիկա ամերիկեան նոր քաղաքականութիւնն է: Եղած են փորձեր այդ եզրը պարտադրելու, իբրեւ բան մը, որ մենք պէտք է փոխադարձաբար ընդունինք իբրեւ վերջնական որոշում Ուաշինկթընի մէջ. ես արդէն անգամ մը երեսին ըսի, թէ ի՛նչ կը մտածեմ ճանաչման մասին, եւ իմ պատասխանս այլ պիտի չըլլայ», յայտարարած է Վուչիչ:

 

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Աննախադէպ Քայլով Մը Կին Մը Նշանակեց Սիւնհոդոսի Տեղակալ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Սուրիոյ Քիւրտերուն» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?