Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Աննախադէպ Քայլով Մը Կին Մը Նշանակեց Սիւնհոդոսի Տեղակալ

Փետրուար 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը աննախադէպ քայլով մը կին մը` ֆրանսուհի Նաթալի Պեքարը նշանակեց սիւնհոդոսի տեղակալի պաշտօնին: Այսպիսով, Պեքար վերածուեցաւ այդ պաշտօնը վարող եւ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող առաջին կինը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կարտիըն»¬ը:

52 տարեկան Պեքար սիւնհոդոսի երկու նոր տեղակալներէն մէկն է: Նախքան այդ, ան 2019-էն ի վեր սիւնհոդոսին մէջ խորհրդական էր: Սիւնհոդոսը եպիսկոպոսներու մարմինն է, որ կը քննարկէ վարչապետութեան գլխաւոր հարցերը:

Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Մարիօ Կրեք յայտնեց, որ շաբաթ օրուան նշանակումը արտայայտութիւնն է պապին փափաքին` «եկեղեցւոյ մէջ ընտրութիւն կատարելու եւ որոշումներու կայացման հոլովոյթին մէջ կիներու աւելի մեծ մասնակցութեան» ապահովելու:

«Նախկին սիւնհոդոսներու ընթացքին, կին մասնակիցներու եւ ունկնդիրներու թիւը աճած է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քոյր Նաթալի Պեքարի նշանակումով եւ քուէարկութեան անոր հաւանական մասնակցութեամբ, դուռ մը բացուած է»:

Պեքար անդամ է Ֆրանսայի մէջ հաստատուած Քզաւիէ քոյրերու միաբանութեան, իսկ այդ միաբանութեան մաս կազմելէ առաջ Փարիզի ականաւոր «Աշ.Էօ.Սէ.» առեւտուրի դպրոցէն մագիստրոսի աստիճան ստացած է եւ Պոսթընի մէջ ուսանած:

Նախորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ

Յաջորդը

Պայտըն Սերպիոյ Մատնանշած Է Քոսովոն Ճանչնալու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?