Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանը` Աշխարհի Վրայ Միացեալ Նահանգներու Հիմնական Մրցակից. Պայտըն Ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

Փետրուար 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութեան հրապարակման ընթացքին յայտարարեց, թէ «Ամերիկան վերադարձած է» եւ, թէ արտաքին քաղաքականութիւնը վերադարձած է իր երկրին արտաքին քաղաքականութեան առանցքը ըլլալու:

«Միացեալ Նահանգներ կը բախին «աճող մենատիրութեան», Չինաստանի աճող յաւակնութիւններուն եւ ամերիկեան ժողովրդավարութեան վնաս հասցնելու Ռուսիոյ վճռականութեան»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութեան հրապարակման ընթացքին յայտարարեց նախագահ Ճօ Պայտըն:

«Ես ուղղակիօրէն պիտի զբաղիմ այն մարտահրաւէրներով, զորս մեր մեծագոյն մրցակիցը` Չինաստանը, կը նետէ մեր բարեկեցութեան, անվտանգութեան եւ ժողովրդավարութեան», ըսաւ Պայտըն:

«Մենք պիտի սահմանափակենք Չինաստանի տնտեսական չարաշահումները, պիտի դիմակայենք անոր յարձակողական գործողութիւններն ու շանթաժը եւ պիտի պատասխանենք Չինաստանի կողմէ մարդու իրաւունքներու, մտաւոր սեփականութեան եւ համաշխարհային կառավարման գործելաոճին վրայ կատարուած յարձակումներուն: Բայց եւ այնպէս, մենք պատրաստ ենք Փեքինի հետ աշխատելու այն պարագային, երբ ատիկա կը բխի ամերիկեան շահերէն: Մենք պիտի մրցինք ուժի դիրքերէ», ըսաւ Պայտըն:

Պայտըն յայտարարեց, որ ամերիկեան արժէքները հարուածի տակ են եւ վերջին շաբաթներուն այս ընթացքը եզրագիծին հասած է, իսկ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքները իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ արժանի վերաբերմունք ապահովելն ու իրաւունքի գերակայութեան հաստատումն են:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ իրենց գլխաւոր մրցակիցը կը նկատեն Չինաստանը, սակայն պատրաստ են համագործակցելու նաեւ վերջինիս հետ, եթէ ատիկա համապատասխանէ ամերիկեան շահերուն:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին դադրեցուցած է Գերմանիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրս բերման հոլովոյթը, որովհետեւ այդ որոշումը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են մեծցնել արտասահմանէն Միացեալ Նահանգներ եկող ներգաղթեալներու արտօնուող քանականական շեմը` զայն այս տարի հասցնելով 125 հազարի:

Ուաշինկթըն նաեւ պիտի աշխուժացնէ ջանքերը Եմէնի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ, կը դադրեցնէ աջակցութիւնը սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքին կողմէ այդ երկրին մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն, սակայն նաեւ յստակ դարձուց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի «շարունակեն օգնել եւ աջակցիլ Սէուտական Արաբիոյ»:

Պայտըն ըսաւ նաեւ, որ Միանմարի մէջ զինուորականները պէտք է լքեն իշխանութիւնը, ազատ արձակեն ձերբակալուած ղեկավարներն ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները:

«Պիտի վերականգնենք մեր դաշինքները: Աշխարհի հետ վերստին կապ պիտի հաստատենք եւ դիմակայենք համաճարակին, կլիմայի ջերմացման եւ դարձեալ աշխարհի տարածքին ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց պաշտպանման մէջ մեր դիմագրաւած հսկայական մարտահրաւէրները», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քրեմլին դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին ճառը եւ զայն նկատած Ռուսիոյ նկատմամբ «շատ թշնամական»:

Նշենք, որ Պայտըն իր խօսքին մէջ զգուշացուց Մոսկուան, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի չտատամսին Ռուսիոյ սուղ գին վճարել տալ եւ պաշտպանել ամերիկեան շահերը: «Նախագահ Փութինին յստակ դարձուցի իմ նախորդէս շատ տարբեր ձեւով, թէ ռուսական յարձակողական քայլերուն, մեր ընտրութիւններուն միջամտութեան, համացանցային յարձակումներուն, իր քաղաքացիներուն թունաւորման դիմաց Միացեալ Նահանգներուն հանդուրժողականութեան օրերը աւարտած են», ըսաւ Պայտըն:

«Պիտի չտատամսինք Ռուսիոյ սուղ գին վճարել տալ եւ մեր կենսական շահերն ու ժողովուրդը պաշտպանել, եւ աւելի ազդու պիտի ըլլանք Ռուսիոյ նկատմամբ, երբ աշխատինք նոյն մտածելակերպը ունեցող այլ գործընկերներու հետ միասնաբար եւ համակարգուած ձեւով», յայտնեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր արտաքին քաղաքականութեան շուրջ իր առաջին ճառին մէջ նաեւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու ռուս այլախոհ Ալեքսէյ Նաւալնին, որ անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած եւ երկու տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր:

Ան նաեւ Քրեմլինը այպանեց Նաւալնին թունաւորելու համար:

 

Նախորդը

Էրտողանի Աւագ Խորհրդականներէն Մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման, Եթէ Հայաստանը Ուզէ»

Յաջորդը

Քըրպի. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Ներկայութիւնը Պիտի Շարունակուի, Այնքան Ատեն Որ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Սպառնալիք Գոյութիւն Ունի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?