Միջազգային

Ուաշինկթըն. «Երուսաղէմի Կարգավիճակը Մաս Կը Կազմէ Վերջնական Լուծումին, Որ Պէտք Է Գոյանայ Իսրայէլեան Եւ Պաղեստինեան Կողմերուն Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով»

Ուաշինկթըն. «Երուսաղէմի Կարգավիճակը Մաս Կը Կազմէ Վերջնական Լուծումին, Որ Պէտք Է Գոյանայ Իսրայէլեան Եւ Պաղեստինեան Կողմերուն Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը Երուսաղէմի հարցը կը նկատէ մէկ մասը վերջնական լուծումին, որ պէտք է գոյանայ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով, որովհետեւ «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պիտի պահանջէ երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով լուծում մը, եւ այդ առումով երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ամերիկեան քաղաքականութիւնը չէ փոխուած»։...

Չաւուշօղլու. «Պատրաստ Ենք Ամբողջ Ծոցի Շրջանին Հետ Գործակցութիւնը Կեանքի Կոչելու Եւ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Հետ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Զարգացնելու»

Չաւուշօղլու. «Պատրաստ Ենք Ամբողջ Ծոցի Շրջանին Հետ Գործակցութիւնը Կեանքի Կոչելու Եւ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Հետ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Զարգացնելու»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հինգշաբթի օր ձեռնարկեց Քուէյթ, Օման եւ Քաթար շրջապտոյտի մը, որուն առաջին փուլը եղող Քուէյթի մէջ յայտարարեց. «Թուրքիան պատրաստ է ամբողջ Ծոցի շրջանին հետ գործակցելու եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու՝ հիմա, երբ Ծոցի տագնապը այլեւս մեր ետին է»։ Թրքական դիւանագիտութեան պետը գովաբանեց Քուէյթի ղեկավարութիւնը եւ յայտնեց. «Թուրքիան կը գնահատէ շրջանային տագնապներու լուծման...

Աբխազիան Կ՛ուզէ Մասնակցիլ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Երկաթուղային Հաղորդակցութեան Բացման

Աբխազիան Կ՛ուզէ Մասնակցիլ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Երկաթուղային Հաղորդակցութեան Բացման

Աբխազիոյ խորհրդարանը դիմած է Ռուսիոյ Պետական տումային` պատրաստակամութիւն յայտնելով հաւասարազօր պայմաններով մասնակցելու Աբխազիոյ ընդմէջէն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման նախագիծին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Աբխազիոյ խորհրդարանի միջազգային, միջխորհրդարանական եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի ղեկավար Ասթամուր Լոկուա: «Նախաձեռնութեան հեղինակը մեր յանձնախումբն է: Մենք կը հետեւէինք շրջանի զարգացումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, որ նման լուծում ունեցաւ:...

«Իրան Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերէն Որեւէ Մէկուն Չ՛աջակցիր»  Կ՛ըսէ Իրանցի Զօրավար Մը

«Իրան Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերէն Որեւէ Մէկուն Չ՛աջակցիր» Կ՛ըսէ Իրանցի Զօրավար Մը

Իրան չ’աջակցիր ղարաբաղեան տագնապի կողմերէն որեւէ մէկուն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու` այս մասին յայտարարած է երկրի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Քիումարս Հայտարի: Ըստ անոր, Թեհրան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տարակարծութիւններու լուծման այլընտրանքային ուղի կ’առաջարկէ: «Իրան շրջանին մէջ իրեն համար նշած է «կարմիր գիծ», որն է` չարտօնել, որ շրջանին մէջ աշխարհագրական որեւէ փոփոխութիւն ըլլայ», ըսած է զօրավարը: Ան...

Թուրքիոյ Մէջ Իրանցի Դիւանագէտ Մը Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Իրանցի Դիւանագէտ Մը Ձերբակալուած Է

Պոլսոյ Իրանի հիւպատոսարանի աշխատակից մը ձերբակալուած է 2019 թուականին Մասուտ Մոլաւի Վարտանճանիի սպանութեան կազմակերպիչին օգնելուն համար։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը։ 43 տարեկան Մուհամետ Ռեզա Նասերզատէ կը մեղադրուի սպանութեան ենթադրեալ կազմակերպիչ Ալի Էսֆանճանիի համար ճամբորդական փաստաթուղթեր կեղծելու յանցանքով՝ զինք Իրան տեղափոխելու համար։ Վարտանճանի 14 նոյեմբեր 2019-ին Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի փողոցներէն մէկուն մէջ գնդակահարուած էր Ապտուլուահապ Քոչաքի կողմէ։ Ան...

«Ռուսիան Ձեւաւորուող Առաւել Արդար Ու Ժողովրդավարական Բազմաբեւեռ Աշխարհակարգի Առանցքային Երաշխաւորներէն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Ձեւաւորուող Առաւել Արդար Ու Ժողովրդավարական Բազմաբեւեռ Աշխարհակարգի Առանցքային Երաշխաւորներէն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան ձեւաւորուող առաւել արդար ու ժողովրդավարական բազմաբեւեռ աշխարհակարգի առանցքային երաշխաւորներէն է։ «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սերկէյ Լաւրով՝ Դիւանագիտական աշխատողի օրուան նուիրուած ուղերձին մէջ։ «Խստօրէն առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան սկզբունքներով՝ մենք միասնականացման օրակարգ յառաջ կը մղենք, կը խորացնենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը արտաքին գործընկերներու մեծ մասին հետ՝ Եւրասիոյ, Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի մէջ։ Ռուսիան այսօր ձեւաւորուող առաւել արդար ու ժողովրդավարական...

Իր Խօսքը Մաքրոնին Ուղղելով.  Էրտողան. «Նախ Պէտք Է Ալճերիոյ Եւ Ափրիկեան Մնացեալ Երկիրներուն Մէջ Ձեր Ջարդերուն Մեղքը Քաւես»

Իր Խօսքը Մաքրոնին Ուղղելով. Էրտողան. «Նախ Պէտք Է Ալճերիոյ Եւ Ափրիկեան Մնացեալ Երկիրներուն Մէջ Ձեր Ջարդերուն Մեղքը Քաւես»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիան իր ուժերը Լիպիայէն պիտի հեռացնէ, եթէ նախ եւ առաջ մնացեալ ուժերը հեռանան»՝ աւելցնելով. «Լիպիա մեր ներկայութիւնը հիմնուած է միջազգային ճանաչման տէր օրինական կառավարութեան հրաւէրին եւ զինուորական գործակցութեան համաձայնութիւններու վրայ»։ Էրտողան քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ յայտնելով. «Կ’ըսէ, թէ Թուրքիան պէտք է իր ուժերը հեռացնէ Լիպիայէն։ Անոր կ’ըսեմ՝ նախ քու ուժերդ հեռացուր Մալիէն...

Թուրքիա Կը Ծրագրէ 2023-ին Հրթիռ Ուղարել Լուսին

Թուրքիա Կը Ծրագրէ 2023-ին Հրթիռ Ուղարել Լուսին

Թուրքիա կը նախատեսէ 2023 թուականի վերջաւորութեան տիեզերք արձակել սեփական արտադրութեան հրթիռը, որ կոշտ վայրէջք պիտի կատարէ Լուսնի վրայ։ «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ 10 կէտերէ բաղկացած ազգային տիեզերական ծրագիրի շնորհահանդէսի արարողութեան ընթացքին։ «Ծրագիրի հիմնական եւ կարեւորագոյն առաքելութիւնը Լուսնի հետ մեր հանրապետութեան 100-ամեակի տարուան մէջ առաջին հաղորդակցութիւնն է», ըսած է Էրտողան։ Թուրքիոյ նախագահը...

Ֆրանչիսկոս Պապը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութեան

Ֆրանչիսկոս Պապը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութեան

Ֆրանչիսկոս պապը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտարարած է Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին։ Խօսելով աշխարհի տարբեր կէտերուն մէջ տիրող քաղաքական կացութեան եւ ի յայտ եկած անկայունութեան օճախներուն մասին՝ պապը անդրադարձած է հարաւային կովկասեան շրջանին՝ ըսելով. «Յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւիմ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող...

Ուաշինկթըն. «Կ՛ուզենք Հիւլէական Համաձայնագիրը  Ընդլայնել, Որպէսզի Ներառէ Իրանի Շրջանային  Գործունէութիւնն Ու Հրթիռային Ծրագիրը»

Ուաշինկթըն. «Կ՛ուզենք Հիւլէական Համաձայնագիրը Ընդլայնել, Որպէսզի Ներառէ Իրանի Շրջանային Գործունէութիւնն Ու Հրթիռային Ծրագիրը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ իր երկիրը բազմաթիւ միջոցներ կ՛օգտագործէ հսկելու Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ արգիլելու համար, որ Թեհրանը զայն զարգացնէ` շեշտելով, որ իրենց նպատակը միայն Իրանի հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալը չէ, այլ այդ համաձայնութիւնը ընդլայնելը, որպէսզի ներառէ անոր շրջանային գործունէութիւնն ու հրթիռային ծրագիրը: Փրայս յայտնեց, որ իրենք տեղեկացած են հիւլէական զէնքի արտադրութեան դիմելու մասին իրանեան...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չի Կրնար  Զինուորական Լուծում Ունենալ, Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ  Քաղաքական, Համապարփակ` Բոլոր Կողմերուն  Շահերը Հաշուի Առնող»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Գործունէութիւնը Պէտք Է Շարունակուի» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն մշակման գործին մէջ, եւ այդ սկզբունքներէն շատերը արտացոլած են 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ: «Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններու Ազրպէյճանին վերադարձին, գաղթականներու...

«Իրան Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Լուծման Ռուսիոյ Ջանքերը, Սակայն Շրջանին Մէջ  Սպառնալիքները Տակաւին Կը Յամենան»  Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը

«Իրան Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ռուսիոյ Ջանքերը, Սակայն Շրջանին Մէջ Սպառնալիքները Տակաւին Կը Յամենան» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը

Իրան կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Ռուսիոյ ջանքերը, սակայն շրջանին մէջ սպառնալիքները տակաւին կը յամենան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական ակադեմիայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ: «Այդ տագնապին շարունակութիւնը կրնար անվտանգութեան առնչուող հարցեր յառաջ բերել Իրանի հիւսիսային սահմաններուն վրայ: Մենք գոհ ենք...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Դարձան  Հրատ Հասնող Արաբական Առաջին  Եւ Աշխարհի Վրայ 5-րդ Երկիրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Դարձան Հրատ Հասնող Արաբական Առաջին Եւ Աշխարհի Վրայ 5-րդ Երկիրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երեքշաբթի օր դարձան Հրատ մոլորակ հասած արաբական առաջին եւ աշխարհի վրայ 5-րդ երկիրը: Էմիրաթական «Յոյսի անջրպետանաւ» կոչուած առաքելութիւնը կարմիր մոլորակ հասաւ երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:42-ին եւ կէս ժամ ետք կապ հաստատեց Երկիրի հետ, ինչ որ Տուպայի մէջ «Մոհամետ պըն Ռաշիտ» անջրպետի կեդրոնի աշխատակազմին կողմէ դիմաւորուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով: Անջրպետանաւը Հրատ հասնելու համար 204 օր եւ 480 միլիոն քիլոմեթր...

Մատնանշելով Ազրպէյճանը Արցախի Մէջ Բռնի  Ուժի Կիրարկման Քաջալերած Ըլլալը`  Աւելի Քան 50 Ծերակուտականներ Պայտընին  Կոչ Ուղղած Են Ճնշում Գործադրելու Էրտողանի Վրայ

Մատնանշելով Ազրպէյճանը Արցախի Մէջ Բռնի Ուժի Կիրարկման Քաջալերած Ըլլալը` Աւելի Քան 50 Ծերակուտականներ Պայտընին Կոչ Ուղղած Են Ճնշում Գործադրելու Էրտողանի Վրայ

Աւելի քան 50 ամերիկացի ծերակուտականներ նամակ յղած են նախագահ Ճօ Պայտընին` անոր կոչ ուղղելով ճնշում գործադրելու թրքական կառավարութեան վրայ` այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտը բարելաւելու համար: Դեմոկրատական կուսակցութենէն ծերակուտական Ռոն Ուայտընի եւ Հանրապետական կուսակցութենէն ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի գլխաւորած երկկուսակցական նամակին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ աճող ճնշումին հետ միատեղ, «այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը...

Պայտըն Սերպիոյ Մատնանշած Է Քոսովոն  Ճանչնալու Անհրաժեշտութիւնը

«Իրանը Բանակցութեան Սեղան Վերադարձնելու Համար Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պիտի Չվերցնենք» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր վարչակազմը Իրանի դէմ նախապէս հաստատուած պատժամիջոցները պիտի չջնջէ, մինչեւ որ Թեհրան դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացման գործողութիւնները: Սպիտակ տան ղեկավարը երէկ ամերիկեան «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, թէ իր վարչակազմը կը պատրաստուի՞ Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու, որպէսզի զայն վերադարձնէ բանակցութեան սեղան, ըսաւ. «Ո՛չ»: Ան այլ հարցումի մը պատասխանելով...

Արաբական Լիկայի Ժողովը Յայտարարեց.  «Պաղեստինեան Դատը Պիտի Շարունակէ  Մնալ Արաբական Առաջնահերթ Դատը»

Արաբական Լիկայի Ժողովը Յայտարարեց. «Պաղեստինեան Դատը Պիտի Շարունակէ Մնալ Արաբական Առաջնահերթ Դատը»

Արաբական լիկան երէկ Գահիրէի մէջ գումարեց արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով արտակարգ ժողով մը, որ նուիրուած էր պաղեստինեան դատին: Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ կը նշէր. «Պաղեստինեան դատը պիտի շարունակէ մնալ արաբական առաջնահերթ դատը, եւ այսօրուան ժողովը պիտի ըլլայ արաբական միացեալ աշխատանքի մեկնարկը, ինչպէս նաեւ արաբական աւելի համակարգուած աշխատանքի մեկնարկը»: Յայտարարութիւնը նաեւ մատնանշեց «արդար ու համապարփակ խաղաղութեան մէջ աշխատանքի սկզբունքները,...

Իրան Սէուտական Արաբիան  Կը Հրաւիրէ Երկխօսութեան

Իրան. «Կ՛ողջունենք Ուաշինկթընի` Թրամփի Վարչակազմի Սխալները Սրբագրելու Փափաքը, Սակայն Գործերուն Կը Սպասենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ յայտնեց, որ հիւլէական համաձայնագիրը միջնորդի կարիք չունի` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդին հրապարակած թիւ 2231 որոշումին հիմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները: «Եւրոպական եւ ամերիկեան ներկայ վարչակարգերը կա՛մ պէտք է լուրջ կերպով հեռանան անցեալէն ու փաստեն, որ հիւլէական համաձայնագիրին մէջ վստահելի կողմ են, որովհետեւ վստահութիւնը ամբողջովին չքացաւ, եւ տեսանք իրենց...

Լիթուանիոյ Խորհրդարանի Անդամները Ազրպէյճանին  Կոչ Կ՛ուղղեն` Արագացնելու Աճիւններու, Պատերազմական  Գերիներու Եւ Պատանդներու Փոխանակումը

Լիթուանիոյ Խորհրդարանի Անդամները Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն` Արագացնելու Աճիւններու, Պատերազմական Գերիներու Եւ Պատանդներու Փոխանակումը

Սէյմասի` Լիթուանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ միջխորհրդական խումբի անդամները յայտարարութիւն հրապարակած են` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով արագացնելու աճիւններու, պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու փոխանակումն ու անոնց վերադարձը Հայաստան: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք` Սէյմասի մէջ Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի անդամներս, յղում կատարելով` Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչի` Եւրոպական Միութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 19 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան, 2020 թուականի վերջաւորութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու`...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ռուսիոյ Հարուածները

Ուաշինկթըն. «Անսարուլլա Շարժումը Պէտք Է Անմիջապէս Դադրեցնէ Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Յարձակումներն Ու Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Միացեալ Նահանգներ շատ դժգոհ են Անսարուլլա (հուսիներ) շարժումի յարձակումներուն շարունակութենէն եւ անոր կոչ կ՛ուղղեն` անմիջապէս դադրեցնելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող քաղաքային կառոյցներու վրայ յարձակումները եւ Եմէնի մէջ չկատարելու զինուորական նոր գործողութիւններ, որոնք իրենց կարգին եմէնցի ժողովուրդին միայն յաւելեալ տառապանք կը պատճառեն»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը Անսարուլլա շարժումին կոչ կ՛ուղղէ` «չկատարելու արարքներ,...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Ռուսիոյ Բողոքագիր Յղած Է «Արաբական Ծոց»  Ձեւակերպումը Օգտագործելուն Համար

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Բողոքագիր Յղած Է «Արաբական Ծոց» Ձեւակերպումը Օգտագործելուն Համար

Թեհրան բողոքագիր յղած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէն: Կը նշուի, որ բողոքագիր յղելու պատճառ դարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ կատարուած արաբերէն գրառումը, որուն մէջ գոյութիւն ունի «Արաբական ծոց» ձեւակերպումը: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդումով, «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրուած` Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

Page 378 of 883 1 … 377 378 379 … 883

Արխիւներ