Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Եասին Աքթայ յայտնեց. «Լիպիական նոր կառավարութիւնը կը զօրակցի Լիպիոյ մէջ Անգարայի դերակատարութեան եւ երկրին մէջ թրքական զինուորական ներկայութեան դէմ չէ»:
«Ֆայեզ Սարաժի ղեկավարութեամբ Լիպիոյ նախկին համաձայնական կառավարութեան հետ Թուրքիոյ կնքած համաձայնութիւնները եւ Լիպիոյ մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը պիտի չազդուին ժամանակաւոր նոր կառավարութեան կազմութենէն», ըսաւ Էրտողանի խորհրդականը:
«Լիպիոյ մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը տեղի ունեցաւ երկխօսութեան ծանօթ հոլովոյթին ճամբով փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնելէ ետք, եւ Թուրքիան կ՛ողջունէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ զայն դրական կը նկատէ` նկատի ունենալով, որ լիպիացի ժողովուրդը մօտեցած է կայունութեան եւ երկրին մէջ ներքին երկխօսութեան ամրապնդման», նշեց Աքթայ:



