ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Յոյս Ունի` Յառաջիկային Պիտի Կարողանայ Առաքելութիւն Ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ
ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յոյս ունի, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ իր նախնական առաքելութեան այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է միջազգային կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչը: «Այցելութեան կազմակերպման վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին: Յոյսով ենք, որ առաքելութիւնը յառաջիկային պիտի այցելէ շրջան», մանրամասնած է գործակալութեան զրուցակիցը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ...




















